Լիբանանեան դրամատուներու մէջ պահ դրուած ու ցարդ «անհետացած» գումարներու ճակատագիրի որոնման հետքերով` Մեթնի դատախազ Ղատա Աունի վերջերս ձեռնարկած հետապնդումի քայլերը որոշ աղմուկ բարձրացուցին ժողովրդային թէ քաղաքական շրջանակներու մօտ: Արդարեւ, դատախազ Աուն յատուկ որոշումով փակել տուաւ Պէյրութի արուարձաններէն Աուքարի «Մքաթթաֆ» լումայափոխի եւ գումարներու փոխանցման հաստատութիւնը` պահանջելով հոն գտնուող համակարգչային տեղեկութիւններու ծրարը, առ ի քննութիւն: Անոր այս քայլին զօրակցեցան յատկապէս իրենց տարիներու աշխատանքի արգասիքն ու հասոյթը նկատուող գումարներու սեփականատէրերը, որոնք հակառակ բազմաթիւ դիմումներու, ցարդ չեն կրցած վերստանալ իրենց պահ դրած ամերիկեան տոլարի գումարները:
Իր տեսակին մէջ նախընթաց մը կազմելով` անցնող քանի մը օրերուն դատախազ Աունի այս քայլը խնդրայարոյց նկատուեցաւ եւ բուռն քննադատութեան թիրախ դարձաւ կարգ մը շրջանակներու կողմէ: Այս բոլորի լոյսին տակ կը նախատեսուի, որ Դատական գերագոյն ատեանը արտակարգ նիստ մը գումարելով վճռէ այս հարցին լուծումը: Սակայն իրազեկ կողմեր անհաւանական նկատեցին Աունի դէմ պատժական որեւէ որոշումի տնօրինումը` նկատի ունենալբով, որ նման որոշում պէտք է ստանայ նշեալ ատեանի տասը անդամներէն առնուազն ութին հաւանութիւնը, ինչ որ ներկայիս կարելի չէ, որովհետեւ ատեանի կազմին թիւը ներկայիս տասի փոխարէն ութն է:
Նշենք, որ դատական պատկան մարմինը արտակարգ որոշումով դատախազ Աունը զերծ կացուցեց այս թղթածրարի հետապնդումէն եւ նշանակեց զինք փոխարինող այլ դատախազ մը: Այսուհանդերձ դատախազ Աուն շարունակեց իր քայլը եւ շաբաթավերջին դարձեալ խուզարկեց նշեալ հաստատութիւնը` ընկերակցութեամբ իրեն զօրակցող քաղաքացիական «Մութթահիտուն» շարժումի համակիրներուն:
Այս գծով հայեացքները ուղղուած են դատական մարզին, ուր Դատական գերագոյն ատեանը, արդարադատութեան նախարարի պաշտօնակատարը եւ առնչակից մարմիններ արտակարգ հանդիպումներով պիտի վճռեն այս հարցին լուծման կարելիութիւնները, ուր խնդրոյ առարկայ կը նկատուի նոյնինքն դատախազ Աունի` դատական ասպարէզին մէջ իր պաշտօնը շարունակելու կամ դադրելու հաւանականութիւնը: