Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Դատաւորի Կիրակի եւ Տօն Սրբոց Քառասնից Մանկանց Որք Ի Սեբաստիա կատարեցան

Մեծ Պահքի կիրակիներ

March 18, 2023
in Mobile Home, Newsletter, Յօդուածներ
0
Դատաւորի Կիրակի եւ Տօն Սրբոց Քառասնից Մանկանց Որք Ի Սեբաստիա կատարեցան

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Մեծ Պահքի հինգերորդ կիրակին կը կոչուի Դատաւորի: Օրուան խորհուրդը կը բացատրէ այրի կնոջ եւ դատաւորին մասին առակը:

Ղուկաս Աւետարանիչ առակին սկիզբը կ՛ըսէ, թէ ի՛նչ նպատակով պատմուած է անիկա` նշելով, որ միշտ պէտք է աղօթել առանց վհատելու:

Քաղաքին մէջ կար անիրաւ դատաւոր մը, որ ո՛չ Աստուծմէ կը վախնար եւ ոչ ալ մարդոցմէ կ՛ամչնար: Ան իր անխիղճ վարքով ոտնակոխ ըրած էր օրէնքը եւ ուրիշներուն իրաւունքը կը խլէր: Նկատի ունենալով, որ ինք դատաւոր է, եւ վերջին խօսքը իրեն կը պատկանի, նաեւ իրմէ վեր իշխանութիւն չկայ, սանձարձակ կերպով կը տնօրինէր ամէն ինչ: Աստուծոյ չէր հաւատար, խիղճ բնաւ չունէր, հետեւաբար ազատ-համարձակ կը տնօրինէր ամէն գործ` ի շահ

իրեն: Նոյն քաղաքին մէջ կ՛ապրէր այրի կին մը,  որ` ընկճուած զինք անհանգստացնող չարակամ անձէ մը, դիմեց դատաւորին, որպէսզի ազատէ զինք հակառակորդի ձեռքէն, պաշտպանէ իր իրաւունքը եւ իր խնդրին արդար լուծում տայ: Սակայն անիրաւ դատաւորը անտեսեց խեղճ կնոջ աղաչանքները: Այրին ամէն օր կ՛երթար դատաւորին մօտ, բայց անօգուտ: Անոր ամէնօրեայ թախանձանքն ու խնդրանքը միշտ կ՛անտեսուէին: Բայց կինը չյուսահատեցաւ, շարունակ դիմեց, խնդրեց անկէ եւ այսպէս հասաւ իր նպատակին:

Դատաւորը, ձանձրացած այրի կնոջ ամէնօրեայ այցելութիւններէն եւ հետապնդումներէն, որոշեց տեսնել անոր դատը: Ան իր մտքին մէջ ըսաւ. «Թէեւ Աստուծմէ չեմ վախնար եւ մարդոցմէ չեմ ամչնար, բայց քանի որ այս այրին նեղութիւն կու տայ ինծի, անոր դատը տեսնեմ, որպէսզի անվերջ մօտս գալով` չանհանգստացնէ զիս»:

Եւ տէրը ըսաւ. «Լսեցէք, թէ ի՛նչ կ՛ըսէր անիրաւ դատաւորը: Իսկ Աստուած արդարութիւն չ՛ընե՞ր իր այն ծառաներուն, որոնք գիշեր-ցերեկ կ՛աղաղակեն եւ անոնց հանդէպ միայն համբերատա՞ր կ՛ըլլայ»:

Առակը կը վերջանայ հետեւեալ հարցադրումներով. «Բայց Մարդու Որդին երբ գայ, արդեօք հաւատք կը գտնէ՞ երկրի վրայ»:

Շարական  Դատաւորի կիրակիի

Որ պատուիրան ճշմարտութեան աւանդեցեր
Եկեղեցւոյ Քում սրբոյ, Քրիստոս, անսահման
ժամանակաւ աղօթել միշտ առ Աստուած
հոգւով եւ մտօք:
Որ զբանս քո օրինաց հաստատեցեր գործով`
Մեզ օրինակ հանելով զգիշերն ի գլուխս յաղօթս
Աստուծոյ բնութեամբ մերով տնօրինաբար,
Որում կրկնի ծունր ամենայն:
Վասն որոյ եւ մեք պաղատեսցուք առ Քեզ,
Քրիստոս, շնորհեա մեզ յամենայն ժամ լինել քեզ յանդիման
Մաքուր աղօթիւք ըստ անմարմնոցն, որ յերկինս:
Աղաչանօք Աստուածածնին` անապական
Քում Ծնողին, զիմանալի զաչս սրտից մերոց
Բացցես ողորմութեամբ` հայիլ ի լոյս Քո, Քրիստոս:

(Ճշմարիտ պատուիրանը աւանդեցիր եկեղեցիիդ, Քրիստոս, թէ միշտ պէտք է անսահման ժամանակով հոգիով եւ միտքով Աստուծոյ աղօթենք: Օրէնքիդ խօսքը գործովդ հաստատեցիր, երբ ամբողջ գիշերը Աստուծոյ աղօթելով անցուցիր` իբրեւ մեզի օրինակ, երբ յատուկ տնօրինութեամբ մեր բնութիւնը առած էիր, որուն առջեւ բոլորը կը ծնրադրեն: Ուստի, մենք ալ Քեզի կը պաղատինք, Քրիստո՛ս, շնորհէ՛, որ միշտ Քեզի մաքուր աղօթքով ներկայանանք` երկինքի անմարմին էակներու նման: Սուրբ Աստուածածնին` անապական Քու Ծնողիդ աղաչանքով, Քու ողորմութեամբ բա՛ց մեր հոգիին աչքերը, որպէսզի կարենանք նայիլ Քու լոյսիդ, Քրիստոս Աստուած):

Այրի կինը մեզի կը սորվեցնէ ճանչնալ աղօթքի ուժը: Աղօթքի մէջ ըլլալ հաստատակամ եւ հաւատքի մէջ` ամուր: Անդադրում աղօթքով կը յաղթահարուին կեանքի դժուարութիւններն ու փորձութիւնները: Աստուած Արդար Դատաւոր է: Աստուած յաճախ կ՛ուշացնէ մեր աղօթքներուն պատասխանել, որպէսզի մեր բարի փափաքները աւելի զօրանան ու արմատաւորուին:

***

Դատաւորի կիրակիին նախորդող շաբաթ օրը Սեբաստիոյ Սուրբ Քառասուն Մանուկներու յիշատակութեան տօնն է:

Կոստանդիանոս Ա. Մեծ կայսր Միլանի 313-ի հրովարտակով Հռոմէական կայսրութեան սահմաններէն ներս ազատութիւն շնորհած էր քրիստոնեաներուն: Բայց Կոստանդիանոս Մեծի մրցակից Լիկինիոս կայսր սկսաւ հալածել քրիստոնեաները:

Քրիստոնեաներու դէմ ծաւալող հալածանքի ալիքը հասաւ Կապադովկիա, ուր կայսերական բանակը արեւելեան սահմանները կը պաշտպանէր:

Բանակին մէջ հաւատքով քրիստոնեայ քառասուն մանուկներ (մանուկ թէ՛ երիտասարդ, եւ թէ զինուոր կը նշանակէ) կը ծառայէին: Անոնք պատերազմներու ժամանակ իրենց ցուցաբերած քաջութեամբ եւ բացառիկ առաքինութեամբ բանակին ու զօրապետներու գնահատանքին արժանացած էին:

Քառասուն մանուկներուն քրիստոնեայ ըլլալը յայտնի էր բոլորին: Կապադովկիոյ կայսերական բանակի Լիւսիաս դուքսին հրամանով Սեբաստիոյ զինուորական դատաւոր Ագրիկողայոս ձերբակալեց քառասուն մանուկները եւ սկսաւ հարցաքննել:

Հարցաքննութեան ժամանակ դատաւորը գովեց ու գնահատեց անոնց անցեալի քաջագործութիւնները եւ խոստացաւ աւելի մեծ փառք ու պատիւ, եթէ հնազանդին կայսերական հրահանգին եւ հրաժարին քրիստոնէութենէն:

Այն հարցումին, թէ ի՞նչ է իրենց անունները, ո՞րտեղացի են եւ ի՞նչ կրօնի կը պատկանին, քառասունը միաբերան պատասխանեցին. «Քրիստոնեա՛յ ենք, կը պաշտենք Քրիստոս Աստուած` երկինքի եւ երկրի արարիչը, իսկ մեր հայրենիքը` անանցական Աստուծոյ երկնային քաղաքն է»:

Դատաւորը սպառնաց զանոնք խիստ չարչարանքներու ենթարկել եւ մտածելու ժամանակ տուաւ` բանտ ուղարկելով: Բանտին մէջ անոնք սկսան երգել. «Համբարձի զաչս իմ ի լերինս, ուստի եկեսցէ ինձ օգնութիւն» սաղմոսը:

Գիշերը Քրիստոս երեւցաւ անոնց եւ ըսաւ. «Լա՛ւ սկսաք, ջանացէք լաւ ալ աւարտել»:

Քառասուն մանուկները կրկին ատեան կանչուեցան, եւ փայլուն ապագայի խոստում տրուեցաւ անոնց: Բայց անոնք բարձրաձայն աղաղակեցին. «Մեր ապագան արդէն իսկ որոշուած է երկինքի մէջ»:

Հրաման արձակուեցաւ զանոնք կրկին բանտարկելու:

Բանտին մէջ անոնց գլխաւորը` Կիւրիոն խրախուսեց իր ընկերները. «Այժմ հարազատներու նման միացած ենք իրարու Քրիստոսի կապով: Մեր միութիւնը յաւիտենական է. ո՛չ մահը եւ ո՛չ կեանքը կրնան բաժնել մեզ իրարմէ»:

Քառասուն մանուկները կրկին ատեան կանչուեցան Լիւսիաս դուքսին առջեւ: Դուքսը գովեց անոնց քաջութիւնը եւ կայսերական հրամանը գործադրելու պայմանով` խոստացաւ մեծամեծ պարգեւներ, իսկ հակառակ պարագային` տանջալից մահ:

Դուքսը, տեսնելով, որ խօսքը այլեւս ազդեցութիւն չունի անոնց վրայ, հրամայեց զանոնք քարկոծման ենթարկել: Բայց քարկոծողները շփոթեցան եւ սկսան զիրար քարկոծել: Ապա հրահանգուեցաւ դադրեցնել քարկոծումը եւ վերստին բանտարկել քառասուն մանուկները:

Առաւօտուն քառասուն մանուկները կրկին ատեան կանչուեցան: Անոնք ըսին դուքսին. «Ինչո՞ւ կը սպասես եւ կ՛ուշացնես որոշումդ. քաջ գիտես եւ մէկ անգամ եւս կը կրկնենք` Քրիստոսը չենք ուրանար»:

Վճիռը արձակուեցաւ` մահապատիժ: Գիշերը զանոնք տարին եւ Սեբաստիոյ մօտ գտնուող սառած լիճը նետեցին: Իբրեւ գայթակղութիւն լճափին տաք բաղնիք շինեցին, որպէսզի քրիստոնէութիւնը ուրացողը շուտով հոն մտնէ ու փրկուի սառելէն: Երեք օր ու գիշեր անոնք մնացին սառած լիճին մէջ. սառոյցները պատռեցին անոնց մարմինները: Անոնցմէ մէկը չկրցաւ դիմանալ, լիճէն ելաւ եւ բաղնիք մտաւ, բայց անմիջապէս մահացաւ:

Գիշերուան երրորդ պահուն արեւ ծագեցաւ, եւ հալեցան ջուրերու սառոյցները: Զինուորները կը հսկէին, որպէսզի ոչ ոք փախչի լիճէն: Զինուորներէն մէկը ցանկացաւ տեսնել, թէ ուրկէ՛ լոյս ծագած է, եւ տեսաւ երեսունինը պսակներ, որոնք կ՛իջնեն մարտիրոսներուն վրայ. Սուրբ Հոգիով ներշնչուելով, ան ինքզինք քրիստոնեայ նկատեց եւ ջուրը նետուեցաւ` ամբողջացնելով նահատակներուն քառասուն թիւը:

Լուսադէմին մարտիրոսներուն մարմինները ափ հանեցին, հաստ բիրերով բոլորին ոսկորները ջարդեցին, եւ սուրբերը իրենց հոգիները առ Աստուած աւանդեցին:

Անոնցմէ Մելիտոն տակաւին կենդանի էր: Զինք հսկողները հաւաստիացուցին, որ կը դարմանեն անոր վէրքերը: Բայց Մելիտոնի մայրը մօտենալով աղաչեց ու խրատեց զաւկին` ըսելով. «Քաղցրի՛կ որդեակ իմ, քիչ մըն ալ համբերէ եւ կը միանաս սուրբերուն: Զօրացի՛ր, որդեակ իմ, եւ մի՛ երկնչիր, քանզի ահա Քրիստոս քեզի օգնութեան կը հասնի»:

Սուրբերուն մարմինները սայլի մը վրայ դրին եւ տարին այրելու: Մելիտոնի մայրը իր զաւակը ուսերուն վրայ շալկեց եւ վազեց սայլին ետեւէն: Մելիտոն մօր ուսերուն վրայ իր հոգին առ Աստուած աւանդեց: Մայրը զաւկին մարմինը տարաւ եւ միւսներուն կողքին դրաւ:

Քառասուն սուրբերուն մարմինները տարին Ալիս գետին մօտ եւ այրեցին, իսկ ոսկորները մոխիրի հետ գետը նետեցին:

Երեք օր ետք Սեբաստիոյ Պետրոս եպիսկոպոս երազին մէջ տեսաւ քառասուն նահատակները, որոնք յայտնեցին իրենց ոսկորներուն տեղը եւ խնդրեցին գետափ գալ ու նշխարները հանել:

Պետրոս եպիսկոպոս գիշերը գաղտնի գետի ջուրերուն վրայէն հաւաքեց անոնց նշխարները եւ թաղեց:

Հետագային Սեբաստիոյ մէջ անոնց անունով կառուցուեցաւ քառասուն գմբէթ ունեցող Սրբոց Քառասնից Մանկանց տաճարը, որ դարձաւ ուխտատեղի, սակայն սուրբ տաճարը Լենկթիմուրի արշաւանքի ժամանակ աւերուեցաւ:

Սրբոց Քառասնից Մանկանց տօնակատարութեան ժամանակ եկեղեցւոյ մէջ կ՛օրհնուի կանթեղներուն ձէթը: Կանթեղներէն ճառագայթող լոյսը կը խորհրդանշէ անոնց լոյս հաւատքը:

Քառասուն Մանուկները արհամարհեցին ժամանակաւոր կեանքը, պատգամելով բոլոր դժուարութիւններուն մէջ անգամ հաւատարիմ մնալ Քրիստոսի եւ փառաբանել զԱստուած, երկնային պսակին արժանանալու համար:

Previous Post

Համազգայինի Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան 95-ամեակի յոբելենական հանդիսութիւն

Next Post

Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան յոբելեանին առթիւ

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.