Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

«Դարու Գործարք»-ը

February 13, 2020
in Mobile Home, Newsletter, Յօդուածներ
0
Սլաք Ըսե՞մ Թէ՞ Չ՛ըսեմ

ՅԱԿՈԲ  ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Միացեալ Նահանգներու նախագահները, ամէն անգամ որ Միջին Արեւելքի, պաղեստինեան, ահաբեկչութեան դէմ պայքարի կամ հիւլէական զէնքերու դէմ արշաւի ծրագիրներ մշակեն, հիմնական երկու նպատակ ունին հետապնդելիք:

Ա.- Նախագահական ընտրութիւններէ առաջ քարոզարշաւ, հրէական լոպիի զօրակցութիւնը ապահովելու ճիգ, ամերիկեան շահերը ամրացնելու բացայայտ ծրագիր:

Բ.- Հրեաներու եւ մանաւանդ Իսրայէլի անվտանգութեան երաշխաւորութիւն ապահովելու միտում:

Ամէն անգամ ծրագիրները կը ներկայացուին եւ կը ձախողին: Երբեմն նոյնիսկ մեռած կը ծնին:

Ինչո՞ւ:

Որովհետեւ միակողմանի եւ հարցին ըստ էութեան դիմացի կողմը չլսելով, անտեսելով, իրաւունքները ոտնակոխելով եւ միայն հրէական շահերը նախատեսելով պատրաստուած եւ մանաւանդ տնտեսական ծանր տագնապ ապրող շրջանի ժողովուրդը ծունկի բերելու Միացեալ Նահանգներու «Դարու գործարք»-ը մարդկային ընկերութեան պատմութեան մէջ մեծ ամօթ մըն է:

Սակայն շրջանի ժողովուրդները վարժուած են Միացեալ Նահանգներու անբարոյ քաղաքականութեան ոճին: Արաբական երկիրներու եւ ղեկավարներու ապիկար կեցուածքն ու անոնց միակամութիւնը ջլատող մեծ պետութիւններու ճիգերը բաւական թափ կու տան այս «գործարք»-ի անբարոյ ընթացքին:

Վերջապէս, ամէն բան տնտեսական դասաւորումներով չի լուծուիր: Ժողովուրդներու ինքնորոշման, անկախութեան, արդարութեան եւ ազատութեան երաշխաւորութիւնը նիւթականով կարելի չէ գնել:

Անշո՛ւշտ պիտի ձախողի: Անշո՛ւշտ պիտի չընդունուի: Նոր ալիք, նոր արիւն, նոր նահատակներ:

Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութեան քարոզչական արշաւի մէկ մեծ օղակը սեպուող «Դարու գործարք»-ը մեռած ծնած ծրագիր մըն է:

Ծրագիր մը, որ կը ծառայէ միայն քարոզչութեան: Ծրագրի հեղինակները իրենք ալ շատ լաւ գիտեն, որ պաղեստինցի ժողովուրդի վերադարձի իրաւունքն ու Երուսաղէմի ճակատագիրը մութ սենեակներու մէջ եւ միակողմանի կերպով չեն կրնար որոշուիլ: Արդարութեան եւ ազատութեան ջատագովները թող լաւ գիտնան, որ ժողովուրդներու ճակատագիրը, այսպէս, գրիչի շարժումով մը անկարելի է ճշդել:

«Դարու գործառք»-ը մեր նորօրեայ պատմութեան մէջ ամօթ մըն է: Իսկ այն պետութիւնները եւ երկիրներու ղեկավարները, որոնք կ՛ողջունեն այս ծրագիրը, գինը շատ սուղ պիտի վճարեն: Իսկ լուռ համաձայնողները բարձրաձայն երկրորդողներէն աւելի վտանգաւոր են:

Ինչո՞ւ արաբական երկիրներու դատապարտման եւ մերժումի ալիք չի բարձրանար:

Ինչո՞ւ արաբական արտակարգ գերաստիճան չի գումարուիր:

Արաբական երկիրներու թագաւորները եւ ղեկավարները ինչպէ՞ս կը բացատրեն այն, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահը իրենց հեռաձայններուն չի պատասխաներ: Աւելի՛ն. բացայայտօրէն կը խայտառակէ զանոնք մամուլով` յայտարարելով, որ անոնք կապուած են, եւ ինք չէ պատասխանած, որովհետեւ ինքը իր որոշումը տուած է:

Ո՞վ պիտի սանձէ այս մեծամեծ եւ ինքնասիրահարած նախագահը, եւ մինչեւ ե՞րբ ինքզինք ամենահզօր պետութեան ղեկավարը կարծելով` ժողովուրդներու ճակատագիրին հետ պիտի խաղայ:

Previous Post

Russia starts production of S-400 missile defense systems for India, ‘all commitments being fulfilled’ despite US pressure

Next Post

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Ունեցաւ Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահին Հետ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.