ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարը նամակներ յղեց ՄԱԿ-ի Ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսին եւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ընդհանուր տնօրէն Օտրի Ազուլէին` Ատրպէյճանի կողմէ հայկական պատմական, հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութեան հետեւողական ոչնչացման առնչութեամբ, ինչ որ միջազգային իրաւունքի կոպիտ ոտնահարում է:
Նամակներուն մէջ մանրամասն փաստեր ներկայացուած են Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ նման յանցագործութիւններու հետեւողականօրէն իրականացման վերաբերեալ` նախկին Խորհրդային միութեան ժամանակաշրջանին, ապա նաեւ յաջորդած տարիներուն` նպատակ ունենալով մասնակիօրէն կամ ի սպառ ոչնչացնել ատրպէյճանական վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներուն մէջ հայկական ներկայութեան որեւէ վկայութիւն:
Մասնաւորաբար` իբրեւ հայկական մշակութային ժառանգութեան կործանման ամէնէն ողբերգական փաստ կը նշուի 1997-2006 թուականներուն Նախիջեւանի Հին Ջուղայի հայկական գերեզմանատան քանի մը հազար միջնադարեան խաչքարերու դիտաւորեալ աւերման մասին:
Նամակներուն մէջ նաեւ տեղեկութիւն կայ այն մասին, որ խորհրդային ժամանակաշրջանին եւ 1992-1994 թուականներուն Արցախի Հանրապետութեան դէմ ռազմական յարձակման ընթացքին Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ հիմնայատակ քանդուած եւ ամբողջութեամբ ոչնչացուած են հայկական 167 եկեղեցիներ, 8 վանական համալիրներ եւ 123 գերեզմանատուներ: Նոյն ժամանակաշրջանին շուրջ 2500 հայկական խաչքարեր եւ առաւել քան 10.000 հայկական գերեզմանաքարեր աւերուած են եւ օգտագործուած իբրեւ շինանիւթ:
Արտաքին գործոց նախարարը յատուկ կերպով կ՛ընդգծէ, որ Ատրպէյճանի այս քաղաքականութիւնը աւելի աշխոյժ դարձաւ 27 սեպտեմբեր 2020-ին՝ Արցախի Հանրապետութեան դէմ սանձազերծուած ռազմական յարձակումին ընթացքին եւ կը շարունակուի մինչեւ օրս, ինչ որ ատրպէյճանական ռազմական բռնագրաւման տակ յայտնուած տարածքներուն մէջ մօտիկ ապագային հայկական մշակութային ժառանգութեան ամբողջական ոչնչացման իրական սպառնալիք է: Մասնաւորաբար ուշադրութեան յանձնուեցաւ Շուշիի Սուրբ Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ վրայ ատրպէյճանական զինուած ուժերու անօդաչու թռչող սարքով երկու անգամ կանխամտածուած հարուածներ հասցնելու փաստը: Մատնանշուեցաւ նաեւ ատրպէյճանցի զինուորական ծառայողներու կողմէ հայկական ժառանգութեան յուշարձաններու եւ գտածոներու դիտաւորեալ ոչնչացումը, որուն մասին վկայող բազմաթիւ տեսանիւթեր եւ լուսանկարներ տարածուած են համացանցին վրայ:
Նախարար Բաբայեան կոչ ուղղեց միջազգային կազմակերպութիւններու ղեկավարներուն՝ արդիւնաւէտ միջոցներու ձեռնարկելու՝ երաշխաւորելու հայկական պատմական, հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութեան յուշարձաններու պաշտպանութիւնը եւ պահանջելու Ատրպէյճանի իշխանութիւններէն` յարգել եւ կատարել իրենց ստանձնած պարտաւորութիւնները` պահպանելու ներկայիս անոնց վերահսկողութեան տակ գտնուող հայկական մշակութային ժառանգութիւնը եւ հրաժարիլ զայն ոչնչացնելու տխրահռչակ քաղաքականութենէն:
Նամակներուն կից ուղարկուած է նաեւ Արցախի Հանրապետութեան Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի գրասենեակին կողմէ պատրաստուած զեկոյցը` Արցախի Հանրապետութեան` Ատրպէյճանի բռնագրաւման տակ յայտնուած տարածքներուն մէջ հայկական մշակութային ժառանգութեան նկատմամբ իրականացուած վանտալիզմին եւ հայկական յուշարձաններու ոչնչացման վերաբերեալ։