Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Դաւիթ Իշխանեանի նամակը պիտի յանձնուի Իրանի իսլամական խորհրդարանի նախագահին

September 12, 2023
in Mobile Home, Newsletter, Հայերէն Լուրեր
0
Արցախի խորհրդարանի նորընտիր նախագահը կարևորել է ՊԲ-ի պահպանումն ու զարգացումը

Ինչպէս կը հաղորդէ «Ալիք» օրաթերթը` Իրանի Իսլամական խորհրդարանին մէջ իրանահայութեան երկու պատգամաւորներ Արա Շահվերդեանի եւ Ռոպերթ Բեգլարեանի միջնորդութեամբ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Դաւիթ Իշխանեանի նամակը պիտի փոխանցուի Իրանի Իսլամական խորհրդարանի նախագահին:

Օրեր առաջ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Դաւիթ Իշխանեանը նամակներ յղած է Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան խորհրդարանի, Ռուսիոյ Դաշնութեան Պետական տումայի, Ֆրանսայի Հանրապետութեան Ծերակոյտի, Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի, Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսի, ինչպէս նաեւ Եւրոպական խորհրդարանի նախագահներուն:

«Ալիք» օրաթերթին համաձայն, Իրանի օրէնսդիր իշխանութիւններուն կողմէ սպասուող հաւանական արձագանգներուն ծանօթանալու նպատակով զրոյց կատարուած է Իրանի Իսլամական խորհրդարանին մէջ Թեհրանի եւ Հիւսիսային իրանահայութեան պատգամաւոր Արա Շահվերդեանի հետ: Թերթը հետաքրքրուած է, թէ արդեօք Դաւիթ Իշխանեանի կիրարկած նոր գործելաձեւը կրնա՞յ ազդեցիկ գործիք դառնալ ազրպէյճանական արգելափակման վերացման եւ Իրանի կողմէ միջամտութեան տեսանկիւնէն:

Արա Շահվերդեանը նախ տեղեկացուցած է, որ նամակէն օրինակ մը Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ յանձնուած է Իրանի Իսլամական խորհրդարանին մէջ Սպահանի եւ Հարաւային իրանահայութեան պատգամաւոր Ռոպերթ Բեգլարեանին, եւ արդէն Իրանի մէջ երկուքով կը պատրաստուին զայն յանձնելու Իսլամական խորհրդարանի նախագահ Մոհամետ Պադեր Ղարիպաֆին:

Ապա պատգամաւորը ընդգծած է, որ այսօրուան դրութեամբ շատ կարեւոր է տարբեր գործիքակազմերու կիրարկումը եւ, ըստ պատգամաւորին, բոլոր քայլերն ալ կրնան ազդել Արցախի ազգային բնակչութեան շահերու պաշտպանութեան առումով:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչպիսի՞ գործընթացներ կը նախատեսէ Իրանի Իսլամական խորհրդարանը նման օրակարգային հարցերու առնչութեամբ, Արա Շահվերդեան նշած է, որ իրենք կը պատրաստուին իբրեւ միջնորդ հանդէս գալ նամակի յանձնման ուղղութեամբ, ինչ որ կը նշանակէ, որ ուղղակիօրէն զայն պիտի ստանայ խորհրդարանի նամակը:

Իրանի Իսլամական խորհրդարանի պատգամաւորը շեշտած է, որ իբրեւ իրանահայութեան զոյգ պատգամաւորներ, անպայման պիտի շարունակեն հետեւողական ըլլալ արցախահայութեան շահերու պաշտպանութեան հարցերու նկատմամբ` ընդգծելով, որ իբրեւ երկրի օրէնսդիր իշխանութեան մէկ մասնիկ, բազմիցս դիմած են պետական անձերու` խնդրելով տարբեր քաղաքական ու դիւանագիտական միջոցներ կիրարկել, ճնշումներ գործադրել ազրպէյճանական սադրանքները զսպելու գործիքակազմեր կիրարկելու եւ Արցախի բնակչութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան ուղղութեամբ:

Արա Շահվերդեան ընդգծած է, որ հետամուտ պիտի ըլլան, որ Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Դաւիթ Իշխանեանի յղած նամակ-պահանջը Իսլամական խորհրդարանի նախագահին կողմէ հասցէական եւ համապատասխան արձագանգ ստանայ:

Previous Post

Սիամանթոյի հետ` գլուխ-գլխի (ծննդեան 145-ամեակին առիթով)

Next Post

At G20, Biden promotes US leadership, but faces its limits

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.