ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան Արցախ կատարած աշխատանքային այցելութեան ընթացքին, պաշտպանութեան բանակի հրամանատար, զօր. Ջալալ Յարութիւնեանի ընկերակցութեամբ այցելեց բանակի կեդրոնական ենթակայութեամբ գործող շարք մը զօրամասեր եւ առանձին ստորաբաժանումներ, տեղւոյն վրայ ծանօթացաւ ընկերային-կենցաղային պայմաններուն ու ծառայութեան այն հարցերուն, որոնք լուծման կարիք ունին:
Այս մասին յայտնեց պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Շուշան Ստեփանեան: Ան նշեց, որ Դաւիթ Տօնոյեան 30-31 Յուլիսին աշխատանքային այցելութեամբ Արցախի Հանրապետութիւն այցելեց հայկական երկու հանրապետութիւններու ռազմական գերատեսչութիւններուն միջեւ փոխհամագործակցութեան եւ գործողութիւններու համադրման ծրագիրի ծիրին մէջ:
Նախարար Տօնոյեան յատուկ ուշադրութիւն դարձուց նաեւ բանակին մէջ վերջին շրջանին ներդրուած նորագոյն զինատեսակներուն եւ արդիականացած ռազմական համակարգերուն, նաեւ՝ ընթացքի մէջ գտնուող աշխատանքներուն:
Հայկական երկու հանրապետութիւններուն ռազմական գերատեսչութեան ղեկավարները այցելեցին բանակի արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրային եւ թիկունքային նշանակութեան տարբեր կառոյցներ, ուր անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ տարածաշրջանային ընթացիկ եւ հաւանական զարգացումներուն, հայկական երկու պետութիւններուն առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն եւ այդ պարունակին մէջ` մասնաւորապէս այն կատարուելիք համակարգային աշխատանքներուն, որոնք դրուած են պաշտպանական գերատեսչութիւններուն առջեւ:
Ըստ Շուշան Ստեփանեանի՝ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան այցելեց նաեւ Հայաստանի արեւմտեան սահմանագօտի, ուր Հայաստանի զինուորական ծառայողները տեղադրած են նոր մարտական յենակէտ:
Նախարարը նոր յենակէտէն տեսադիտարկման համակարգով հետեւեցաւ սահմանի պահպանութեան ընթացքին, լսեց հրամանատարութեան զեկոյցներ, տուել համապատասխան յանձնարարականներ: