ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ իրավիճակներու նախարարի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Դաւիթ Տօնոյեան 11 Մայիսին նշանակուեցաւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնին:
Դաւիթ Տօնոյեան 2010-2017 թուականներուն զբաղեցուցած է պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալի պաշտօնը, իսկ 2017ին նշանակուած է Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ իրավիճակներու նախարար:
Պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնը 2016էն ի վեր կը զբաղեցնէր Վիգէն Սարգսեան, որ, սակայն, 8 Մայիսին հրապարակած տեսաուղերձով, ապա 9 Մայիսին պաշտպանութեան նարարարութեան մէջ լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին յայտարարեց, որ ինք նոր կառավարութեան կազմին մէջ պիտի չըլլայ: