ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- 17 Օգոստոսին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը մեկնեցաւ Ռուսիա՝ «Միջազգային բանակային խաղեր-2019» մրցաշարքի մասնակիցներու պարգեւատրման եւ միջոցառումներու փակման հանդիսաւոր արարողութիւններուն մասնակցելու համար:
Նախարարութեան կայքէն կը տեղեկացնեն, որ նոյն օրը Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ Տօնոյեանի հանդիպումը Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուի հետ։
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի ռազմական եւ ռազմական-թեքնիք համագործակցութեան առնչուող հարցեր: Գոհունակութիւն յայտնելով յարաբերութիւններու ներկայ մակարդակին վերաբերեալ եւ ընդգծելով անոնց ռազմավարական բնոյթը՝ երկու պետութիւններու պաշտպանութեան նախարարները կարեւոր նկատեցին միացեալ մարտական պատրաստութեան, գործնական ծրագրաւորման, ռազմական կրթութեան, Ռուսիոյ 102րդ ռազմակայանի մարտունակութեան ամրապնդման եւ շարք մը այլ ոլորտներու մէջ համագործակցութեան հետեւողական զարգացումը:
Քննարկուեցան նաեւ տարածաշրջանային եւ միջազգային անվտանգութեան հարցեր:
Դաւիթ Տօնոյեան եւ Սերկէյ Շոյկու ձեռք բերին շարք մը կարեւոր պայմանաւորուածութիւններ՝ երկկողմանի ռազմաքաղաքական, ռազմական եւ թեքնիք ծրագիրներու իրականացման վերաբերող։
Դաւիթ Տօնոյեան եւ Սերկէյ Շոյկու անդրադարձան նաեւ Սուրիոյ մէջ ցուցաբերուող մարդասիրական միացեալ օգնութեան, զոր շատ բարձր գնահատեց Շոյկուն՝ դիտել տալով, որ Հայաստանի վիրաբուժները քանի մը հարիւր վիրահատութիւն կատարած են հոն։ Ան շեշտեց, թէ ասիկա մեծ ու կարեւոր աշխատանք է, որ իր ներդրումը պիտի ունենայ շրջանի կացութեան բնականոնացման մէջ։