Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Դեսպան Արշակ Փոլատեան Սուրիոյ Հանրապետութեան Առաջին Աստիճանի Արժանեաց Շքանշանով Պարգեւատրուեցաւ

November 17, 2018
in Newsletter, Զանազանք
0
Դեսպան Արշակ Փոլատեան Սուրիոյ Հանրապետութեան Առաջին Աստիճանի Արժանեաց Շքանշանով Պարգեւատրուեցաւ

Հինգշաբթի, 15 նոյեմբեր 2018-ին, Դամասկոսի «Ֆոր սիզընս» պանդոկի «ալ-Հալապի» սրահին մէջ Սուրիոյ Հանրապետութեան Արժանեաց շքանշանով պարգեւատրուեցաւ Սուրիոյ մէջ Հայաստանի հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան դոկտ. փրոֆ. Արշակ Փոլատեանը:

Պարգեւատրումը կատարուեցաւ Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆէյսալ Միքտատի ձեռամբ: Պարգեւատումէ առաջ փոխնախարար Ֆէյսալ Միքտատ բարձր գնահատեց Դեսպան Փոլատեանի անձն ու գործունէութիւնը, հայ ժողովուրդի հաւատարմութիւնը, հայ-սուրիական յարաբերութեան մէջ անոր դերակատարութիւնը, յատկապէս Սուրիոյ պատերազմի ընթացքին ու մանաւանդ Հայաստանի Հանրապետութեան ցուցաբերած զօրակցութիւնը Սուրիոյ ճգնաժամի օրերուն: Փոխնախարար Միքտատ աւելցուց ըսելով, որ հայ ժողովուրդը թուրք իշախանութիւններու կողմէ 100 տարիներ առաջ ենթարկուած էր ցեղասպանութեան եւ տեղահանութեան, նոյն թշնամիի կողմէ այսօր Սուրիան եւս կ՛ենթարկուի նոյն վայրագութեան:

Այնուհետեւ դեսպան Փոլատեան, իր կարգին շնորհակալութիւն յատնեց Սուրիոյ հանրապետութեան Վսեմաշուք Նախագահ Պաշշար ալ-Ասատին, Արտգործ նախարարութեան եւ պետական այրերուն, իրենց ցուցաբերած վստահութեան եւ Սուրիոյ Հանրապետութեան առաջին աստիճանի արժանեաց շքանշանով պարգեւատրուելնուն համար:

Նշենք, որ դոկտ. փրոֆ. Արշակ Փոլատեան յուզմոնքով եւ հպարտանքի զգացումներով միախառն պահեր ապրեցաւ:

Նշենք, որ պարգեւատրման հանդիսութեան ներկայ էին Սուրիոյ արտգործ նախարարութեան բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ, Հալէպի մէջ ՀՀ Գլխաւոր Հիւպատոս Արմէն Սարգսեան եւ Դամասկոսի մէջ ՀՀ դեսպանատան աշխատակազմը:

PERIO NEWS 

Previous Post

Լոյս Տեսած է Ամերկահայ Սիրուն Երէցեանի՝ «Աչքերով» Գրուած Գիրքը

Next Post

Նիկոլ Փաշինեան Հեռաձայնային Զրոյց Ունեցաւ Վլատիմիր Փութինի Հետ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.