Դերասան Երուանդ Ենգիպարեան, 30 տարեկան, ինքնաշարժի արկածի մը զոհ դարձաւ: Երեւանի Միասնիկեան պողոտայի մէջ ` ժամը 05:00-ի սահմաններուն Աւան վարչական շրջանի Թումանեան թաղամասի 6/2 շէնքի բնակիչ 30-ամեայ Երուանդ Ենգիբարեան, իր վարած Mercedes մակնիշի 27 ՕՏ 077 համարանիշի ինքնաշարժով Միասնիկեան պողոտայի մէջ` “Ջրաշխարհ”-ի դիմաց, դուրս ելած է ճանապարհի երթեւեկելի գօտիէն, բախած ելեկտրական սիւնին եւ գլխիվայր շրջուած: Երիտասարդ դերասանին մահը պատահած է տեղւոյն վրայ: