Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Դերասան Եւ Բեմադրիչ Վիգէն Ստեփանեանին Յիշատակին

January 22, 2022
in Mobile Home, Newsletter, Յօդուածներ
0
Ինչ Որ Կրնանք

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Համազգայինի պետական թատրոնը չորեքշաբթի, 19 յունուար 2022-ին «Գինը» ներկայացումը (զոր ան առաջին անգամ ըլլալով Լիբանանի մէջ բեմադրեց` Համազգայինի «Գ. Իփէկեան» թատերախումբին հետ) նուիրեց Վիգէն Ստեփանեանի տարելիցին: Ներկայ էին Վիգէնին այրին` Նարինէ Յարութիւնեանը եւ դուստրը` Թամար Ստեփանեանը, ինչպէս նաեւ Վիգէնին բոլոր բարեկամները:

Պէտք է ըսել, որ Վիգէն Համազգայինին մօտիկ եւ Համազգայինին ծառայած արուեստագէտներէն էր:

Վիգէնը եւ Նարինէն իրենց կեանքի կարեւոր մէկ փուլը նուիրեցին լիբանանահայութեան երաժշտասէր եւ թատերասէր աշակերտներուն:

Վիգէնը եղաւ «Արեգ» թատերախումբի հիմնադիր, «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի բեմադրիչ, դերասան, գեղանկարիչ, երգիչ, արուեստի քննադատ, սակայն անոր դերասանական հմայքը տարբեր տպաւորութիւն կը ձգէր եւ իւրայատուկ վայելք ունէր: Արդարեւ, Վիգէնին ձայնը, բեմական կեցուածքը, առոգանութիւնը, տիպարներու արագ ու հարազատ մարմնաւորումը եւ իր ճկուն կեցուածքը մեծապէս կը ներգրաւէին հանդիսատեսը:

Իրապէս բախտաւոր ենք, որ Սօս Սարգսեաններ, Վարուժան Խտըշեաններ, Վիգէն Ստեփանեաններ տեսած սերունդ ենք:

Վստահ եմ, որ Համազգային պետական թատրոնը այդ գիշեր բաւական յուզիչ եւ յիշատակներով լեցուն երեկոյ մը անցուց:

Գիտեմ, որ Դաւիթ Յակոբեանի փակման սրտի խօսքը ամբողջ սրահը լացուցած է:

Լսեցի նաեւ, որ Թամարն ալ իր խօսքին մէջ անդրադարձած է Վիգէնին` Լիբանանի մէջ ծառայութեան:

Ճիշդ է, մէկ տարի անցած է: Ընդհանուր այս տակնուվրայ վիճակին մէջ օրէ օր բացականերն ալ մեր հոգեկանին վրայ սկսած են աւելիով ազդել:

Գիտենք, որ պիտի վարժուինք:

Գիտենք, որ կեանքը կը շարունակուի:

Սակայն միշտ տեղ մը կեանքին մէջ պարապութիւնը ճնշող հոգեվիճակ կը ստեղծէ:

Վիգէն Ստեփանեանը Հայաստանի եւ լիբանանահայութեան թատերական կեանքին մէջ մեծ վաստակ ունէր: Անոր ճրագին շողերէն եւ արդիւնքներէն բոլորս ալ օգտուած ենք եւ վայելած ենք, պիտի շարունակենք ալ օգտուիլ եւ վայելել:

Թող յիշատակը անթառամ մնայ: Համազգայինն ալ իր բազմաբնոյթ գործունէութեամբ, մանաւանդ թատերական ճրագը միշտ լուսաւոր եւ փայլուն պահէ:

Previous Post

Տակաւին Վճռա՞ծ Ենք

Next Post

Մէկ Զոհն Անգամ Շատ Է

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.