Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

ԴԷՊԻ ԵՐԿԻՐ

November 18, 2021
in Mobile Home, Newsletter, Յօդուածներ
0
ՀՐԱՇԱՊԱՏՈՒՄ ԶՐՈՅՑՆԵՐ-1      Ո՞Վ ԿՈՒՐՑՈՒՑ, Ո՞Վ ԲԺՇԿԵՑ
ՅԱԿՈԲ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
1908-ի Օսմանեան սահմանադրութեան հաւատացինք մենք, երիտ-թուրքերուն զինակից եղանք, նոյնիսկ այն բանէն ետք , որ կը կոչուի 1909-ի Կիլիկեան կոտորած: Կարեւորը՝ Օսմանեան կայսրութեան մէջ հաստատուած էին սահմանադրական կարգեր, որոնք յոյս կը ներշնչէին վերականգնումի եւ վերադարձի: Ապտուլհամիտեան կոտորածներու հետեւանքով բազմահազար հայեր փախած էին Երկրէն: Հիմա վերադարձի ատեն էր: Էդուարդ Ակնունին գրեց ՛՛Դէպի Երկիր՛՛ը, իսկ Սիամանթոն՝ ՛՛Հայրենի հրաւէր՛՛ բանաստեղծութիւններու շարքը, 1910-ին: Երկուքն ալ, կը կարծեմ, տրամաբանական շարունակութիւնը պէտք ըլլային 1894-ին լոյս տեսած Խրիմեան Հայրիկի ՛՛Պապիկ ու թոռնիկ՛՛ մարգարէաշունչ գիրքին: Ինչ որ է. գրականութիւնը շահեցաւ Սիմանթոյի գործով, իսկ Ակնունիի վերնագիրը դարձաւ նշանաբան, որ պարբերաբար կրկնեցինք, բայց բան չշահեցանք; Ամբողջ Արեւմտեան Հայաստանը, յետոյ՝ Հայաստանի Հանրապետութենէն ալ մենք կորսնցուցինք ինչ որ Արդի Հայաստանէն դուս կը մնայ…
Խորհրդային իշխանութեան տարիներուն բոլորովին տարբեր քաղաքական հոսանքներ բարձրաձայնեցին նոյն նշանաբանը՝ ՛՛Դէպի Երկիր՛՛: Պարբերաթերթեր ալ լոյս տեսան այս անունով: Հայրենադարձութիւնը դարձաւ իրողութիւն, թէեւ ոչ բոլոր հայ հոսանքներուն արտօնուեցաւ դեր ունենալ այս իրողութեան մէջ, կամ անոնք չուզեցին այս շարժումին զօրավիգ կանգնիլ: 1920-ականներուն, 1946-1947, 1965-1966 թուականներու հայրենադարձութեան մենք շատ բան կը պարտինք, հակառակ անոր որ աւեր կար երկրին մէջ՝ Շիրակի առաջին մեծ երկրաշաժը, Բ. աշխարհամարտին մեր ահաւոր մեծ զոհերը…
Շիրակի երկրորդ երկրաշարժի ցնցումներէն ծնաւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, Արցախը անկախութիւն հռչակեց…: Վերաբնակեցումը պէտք է շատ արագ ու բնական ըլլար… Ատրպէյճանի տարածքներէն՝ Սումգայիթի, Բաքուի, Գանձակի, միւս շրջաններու 100 հազարաւոր հայերը ո՞ւր գացին, քանի՞ տոկոսը մնաց Հայաստան կամ հաստատուեցաւ Արցախ… Անոնց կարգավիճակ իսկ չտրուեցաւ, մինչ թշնամի երկիրը առաջին կարգի վրայ պահեց իր գաղթականններու կագավիճակը իր ամբողջ դիւանագիտական գործունէութեան մէջ… Կը թուէր, թէ ՛՛Դէպի Երկիր՛՛ը պէտք է հիմա համազգային ճիգի վերածուէր, մեր պետականութեան ՛՛ճանապարհային քարտէզ՛՛ի, ինչպէս կ՛ըսեն քաղաքագէտները… Բայց մենք երեսոուն տարի միայն գզվռտուք տեսանք Հայաստանի մէջ, ու արիւն տեսանք Ազգային ժողովին մէջ, հրապարակներուն վրայ… Ժամանակ չմնաց համազգային գաղափարներու շուրջ համախմբուելու…: Աղէտեալ գօտիի վերականգնումի ձգձգումը մաշեցուց մեր համբերութիւնը… Ազատագրուած տարածքներ ղրկուածներէն շատերը չդիմացան լքուածութեան ու վերադարձան…Մեր մտաւորականութիւնը բարոյապէս սնանկացուցինք, նայեցէք ձեր շուրջը, զո՞վ պիտի գտնէք… Փաստ է, որ Արցախէն ու Հայաստանէն արտագաղթողներու թիւը այնքան շատ եղաւ, որ ա՛լ ՛՛Դէպի Երկիր՛՛ն ալ լռեց…
Հայրենադարձութիւնը մնաց առանձին ընտանիքներու յամառ ընտրութիւնը…
Եթէ ըսեմ, որ Արցախի վերաբնակեցման հարցով մենք եղանք ծայրաստիճան անտարբեր, պիտի ըսէք, որ Հայաստանի պարագան ալ տարբեր չեղաւ, Հայաստան եղաւ թրանզիթ երկիր շատերու համար…
Հիմա անշուշտ շատ հեգնական կը հնչէ ՛՛Դէպի Երկիր՛՛ը, ոչ ոք կ՛ուզէ յիշեցնել այդ անբովանդակ արտայայտութիւնը, իսկ վա՞ղը …Մէկը կ՛ըսէ՝ Նիկոլը մնայ՝ ե՛ս կը հեռանամ Հայաստանէն, միւսը կ՛ըսէ՝ նախկինները գան՝ ե՛ս կը հեռանամ Հայաստանէն… Չէ՞ք լսեր, այն ալ մեր ամենէն պատասխանատու մարդոց բերանէն…
Միայն ազնիւ հայորդիներու, առողջ տեսլական ունեցող անհատներու, ընտանիքներու եւ խմբակներու կամքին կապուած է հայրենադարձութիւնը: Ուրեմն՝ դէպի Երկիր: Ատիկա է ուղիղ ճանապարհը:
Previous Post

Central Bank cuts benchmark rate to 15 pct

Next Post

Գեղարուեստի Սենտիքայի Վարչութեան Անդամ Առաջին Հայուհի Մարալ Մանիս. «Արուեստով Պէտք Է Զարգանալ Ու Հոգին Կրթել, Որովհետեւ Առանց Արուեստի` Ժողովուրդը Պատմութիւն Չունի»

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.