Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ երէկ` հինգշաբթի, Օգոստոս 13-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, բացումը կատարուեցաւ «Դէպի նոր հարիւրամեակ» խորագիրով հաւաքական ցուցահանդէսին, որ կազմակերպուած էր Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին, Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակի եւ Այնճարի հիմնադրութեան 75-ամեակի կեդրոնական մարմինին կողմէ` հովանաւորութեամբ մեթր Ժաք Չուխատարեանի: Հաւաքական այս ցուցահանդէսին իրենց մասնակցութիւնը բերած էին 10 մուսալեռցի արուեստագէտներ:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Կրէյս Պապոյեան-Լոճիկեան: Ան ըսաւ, թէ այս ձեռնարկը հայութեան ապրելու, մաքառելու, գոյատեւելու եւ դժուարութիւնները յաղթահարելու կամքը դրսեւորող մշակութային հարազատ արտայայտութիւն մըն է: 100 տարի ետք մուսալեռցին կու գայ հատու պատասխան տալու թշնամիին, որ անոր հայաջինջ ծրագիրը ոչ միայն ձախողած է, այլեւ հայ մշակոյթը կը շարունակէ ծաղկիլ ու նուաճել նոր բարձունքներ:
Խօսք առաւ Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակի եւ Այնճարի 75-ամեակի կեդրոնական մարմինի ատենապետ Եսայի Հաւաթեան: Ան ըսաւ, թէ 1915-ին մուսալեռցիներուն դիմադրութիւնը, ֆրանսական մարտանաւերը եւ Ֆրանց Վերֆելի «Մուսա լերան 40 օրերը» գիրքը հանրաճանաչ դարձուցին Մուսա լեռն ու մուսալեռցին: Ան հաստատեց, որ տօնական է առիթը, որովհետեւ նման ձեռնարկներ ընդհանրապէս ամէն տարի Այնճարի մէջ կը կազմակերպուին, բայց Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակը եւ Այնճարի հիմնադրութեան 75-ամեակը լաւագոյն առիթն էին ձեռնարկը Պուրճ Համուտի մէջ կազմակերպելուն:
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին, ինչպէս նաեւ մեթր Ժաք Չուխատարեանին` իր հովանաւորութեան համար:
Եսայի Հաւաթեան հաստատեց, որ ցուցադրուած 53 արուեստի գործերուն մէջ Մուսա լեռն ու Անճարը ոչ միայն կենդանի եւ իրական են, այլեւ հանրաճանաչ դարձած են գրողներով, արուեստագէտներով եւ նախարարներով:
Խօսք առաւ նաեւ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան: Ան ըսաւ, թէ այնճարցին յաղթանակած ժողովուրդ է, որովհետեւ կը շարունակէ իր մշակոյթի գանձարանը, արխիւը եւ շտեմարանը ծաղկեցնել ու հարստացնել: Այնտեղ հողին ուժը կայ, խորհրդաւոր պատգամներ կան, յաջորդ սերունդները այդ պատգամները պիտի ընդունին ու պիտի շարունակեն հայութեան յաղթական երթը: Ան յայտնեց, որ ցուցահանդէսին կը մասնակցին կայացած արուեստագէտներ, որոնցմէ շատեր յաջողութիւններ արձանագրած են Լիբանանէն անդին եւ բոլորն ալ արժանի են մեծ գնահատանքի:
Տեղին է նշել, թէ ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ Օգոստոս 30, առաւօտեան ժամը 9:30-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00: