Լեւոն Շառոյեան
Հայ ժողովուրդին գլխուն պայթող փորձանքները կարծես թէ վերջ պիտի չունենան:
Անցեալ տարի Հայաստանն էր (ու դեռ կը շարունակուի տագնապը հոն՝ շատ մտահոգիչ զարգացումներով), հիմա ալ՝ տարաբախտ Լիբանանը: Այսինքն՝ մեր սիրելի լիբանանահայութիւնը:
Ամէն կողմէ կոչեր կը հնչեն՝ օգնութեան ձեռք երկարելու Լիբանանի մեր եղբայրներուն, որոնք դէմ-յանդիման բերուած են տնտեսական շատ սուր ու քայքայիչ տագնապի մը: Դրամատուները «սնանկացած» են, թղթոսկին արժեզրկուած է մեծ համեմատութեամբ, կենցաղային նախանիւթերը սպառելու մօտ են…:
Հայաստանի ու Արցախի հողային կորուստները՝ մէկ կողմէ, Լիբանանի մահացու տագնապը՝ միւս կողմէ, պահ մը շուքի մէջ թողուցին… Սուրիան, այսինքն՝ մեր սիրելի Հալէպը: Մինչդեռ հարկ է շեշտել, որ մեր՝ հալէպցիներուս տագնապը,– տագնապնե՜րը,– առ այսօր երբե՛ք ու բնա՛ւ նուազ չեն Լիբանանահայոց տագնապէն:
Դիմատետրի որոշ կայքէջերու վրայ հալէպեան մեր համայնքային կեանքէն վերցուած շողշողուն լուսանկարները (ակումբներու ամառնային պարտէզները, բանակումնե՜ր, կրօնական հանդիսաւոր արարողութիւննե՜ր…) պարզապէս… ցուցափեղկերն են մեր գաղութին: Իրականութեան մէջ, այժմ հաւաքաբար ու ազգովին կը բոլորենք տնտեսական ԱՆՆԱԽԸՆԹԱՑ տագնապ մը՝ որ ուղղակի շնչահեղձ կ՛ընէ մեր ընտանիքները: Մարդիկ 5 կը շահին, մինչ ստիպուած են ծախսել 25: Տնտեսական համակարգի քաոսային խախտում մըն է ասիկա, որ կը թուի թէ ո՛չ մէկ լուծումի պիտի արժանանայ: Ու հոսկէ ալ կը բխի հալէպահայոց (մա՛նաւանդ երիտասարդ տարրին) կատարեալ յուսախաբութիւնն ու յուսահատութիւնը:
Իրականութեան դաւաճանած պիտի չըլլանք, եթէ խոստովանինք, որ ամէն ընտանիք ԼՐՋՕՐԷՆ ուղիներ կը փնտռէ արտագաղթելու համար: Կը ցանկան արտագաղթել ո՛ւր որ ըլլայ, ո՛ւր որ զիրենք ընդունող ըլլայ, կը բաւէ որ հեռանան «խաւար ու անապագայ այս միջավայրէն»…:
Հալէ՞պն ալ պիտի նմանի Եգիպտոսին, Ռումանիոյ կամ Լեհաստանին, ուր դարաւոր ու շէն գաղութներ ունէինք անցեալին, մինչ այսօր՝ ամայութիւն ամայութեանց…:
Վիճակն ու կացութիւնը շա՛տ տխուր է, որովհետեւ պատմական գաղութի մը գոյութի՛ւնն է որ խնդրոյ առարկայ է այլեւս: Անոր «լինել-չլինել»-ը: