Թող զանգե’ն, ղօղանջեն կռածներ,
Մի’ վախնաք, մի’ փախչիք կռինչէն,
Գոռ ու թուրծ ճամբերքէն այդ հնչուն՝
Ես աղոթք եմ տարեր դէպի տուն …
Մայթերէն գորշունակ կամ անժուր՝
Մի’ անցնիք գլխահակ յուսադուլ,
Ճամբերքէն մերթ մգլոտ ու դերբուկ՝
Ես արեւ եմ տարեր դէպի տուն …
Լռելեայն տխրադէմ կամ բեկուն՝
Մի’ պղծէք արեւը Աստուծոյն,
Ճամբերքէն՝ անցորդի ժպտաւիւն՝
Ես բարեւ եմ տարեր դէպի տուն …
Բայց երթին հեշտուրախ զուարթուն՝
Մի’ դպչիք կանաչին մայթերուն,
Թրթիռէն ստուերող ծառերուն՝
Ես համբոյր եմ տարեր դէպի տուն …
Գրող՝ ճարտարագէտ Թադէոս Եսայեան
Պատկերի ձեւաւորում՝ Շաքէ Մանկասարեան