Հըզպալլայի հիմնադրութեան 40-ամեակի տօնակատարութիւններուն եզրափակիչ հանդիսութեան, ինչպէս նաեւ 2006-ի յուլիսեան պատերազմի եւ 2017-ի հաւատադրժողականներուն լուծէն արեւելեան լեռնաշղթայի ազատագրումի յաղթանակներուն առիթով, երէկ երեկոյեան ժամը 8:30-ին տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիրով ձեռնարկ մը` Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն մէջ:
Այս առիթով Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա արտասանեց պատկերասփռուած խօսք մը, որուն մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք անցնող երկու ամիսներուն ընթացքին փորձեցին նշել եւ ներկայացնել Հըզպալլայի 40 տարուան նուաճումները:
Ան շեշտեց, որ ամբողջ աշխարհը պէտք է գիտնայ, որ ժիհատի իրենց երթը օրհնութիւնը ստացած է եւ արդիւնք է մեծ առաջնորդ իմամ Մուսա Սատըրի ջանքերուն:
Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ իր հիմնադրութեան օրէն ի վեր Հըզպալլա դիմադրած է Իսրայէլին եւ անոր ներխուժումներուն:
Ան ընդգծեց, որ 2000-ին հարաւային Լիբանանի ազատագրումը վերջ դրաւ իսրայէլեան ուժերուն անպարտելի բանակ մը ըլլալու առասպելին, ինչպէս նաեւ հիմը դրաւ Դիմադրութեան ապահովական եւ զինուորական կառոյցին, որ ի վերջոյ կրցաւ ինքզինք պարտադրել:
Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ 2006-ին մղուած մարտերն ու ժողովուրդին գոյատեւումը ձախողեցուցին նոր Միջին Արեւելք մը կերտելու ամերիկեւիսրայէլեան դաւադրութիւնը:
«2006-ին թշնամի Իսրայէլը ոչ միայն ձախողեցաւ Դիմադրութիւնը պարտութեան մատնել, այլ նաեւ` կոտրուեցաւ եւ քանդուեցաւ ինք, իսկ Դիմադրութիւնը շատ աւելի հզօր եւ տոկուն դուրս եկաւ այս պատերազմէն: Դիմադրութեան յաղթանակները յոյս ներշնչեցին այլ յաղթութիւններ կերտելու եւ թշնամին տապալելու կարողութիւն ձեռք բերելու», շեշտեց ան:
Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ Դիմադրութիւնը օժանդակեց լիբանանեան պետութեան բացայայտելու իսրայէլեան լրտեսական ցանցերն ու գործակալները:
«Այսօր Դիմադրութիւնը կը գտնուի Լիբանանի բնական հարստութիւնը վերստանձնելու գիծին վրայ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ այս բոլորը Դիմադրութեան նուաճումներէն բաժին մըն են, զորս կարելի պիտի չըլլար իրականացնել առանց լիբանանեան զօրակցական պաշտօնական կեցուածքին եւ լիբանանցիներուն», յայտնեց ան:
Ան շեշտեց, որ Դիմադրութիւնը ներկայիս կ՛աշխատի բարելաւելու, ամրապնդելու եւ հզօրացնելու իր կարողութիւնները, յատկապէս զինուորական կարողութիւնները` նկատի ունենալով արհեստագիտութեան զարգացումը եւ համապատասխան սպառազինումին կարեւորութիւնը:
Սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ «Բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն» տարազը ինզքինք փաստած տարազ է, որ մնայուն կերպով պիտի որդեգրուի` աւելցնելով, որ այլ տարազներ լոկ խօսքեր են:
Ան հաստատեց, որ Դիմադրութիւնը կառչած կը մնայ Լիբանանի բռնագրաւուած հողերուն ազատագրման, ինչպէս նաեւ թշնամիին ուժը հակակշռելու ուժի պահպանման` պաշտպանել կարենալու համար լիբանանցիներուն արժանապատուութիւնը:
Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ իրենք միշտ պատրաստ եղած են քննարկելու Լիբանանի պաշտպանութեան ռազմավարութիւնը եւ օր մը օրանց չեն խուսափած անկէ:
Անդրադառնալով ծովային սահմանագծումի թղթածրարին` սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ իրենք քանի մը օր եւս պիտի սպասեն զարգացումներուն, որպէսզի ըստ այնմ որոշում տան` աւելցնելով, որ այս իմաստով հնչող իսրայէլեան սպառնալիքները անարժէք են:
Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ իրենք կը մերժեն Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացումը եւ այդ իմաստով իրենց գրաւը կը դնեն նոր սերունդին զաւակներուն վրայ, որոնց ցայտուն օրինակներն են Շարպել Ապի Տահերն ու Նատիա Ֆաուազը, որոնք լիբանանցի երկու մարզիկներ են, որոնք մերժած են մրցիլ իսրայէլացիներուն հետ:
Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ իրենք լաւատես են շրջանային զարգացումներով, որոնք ի նպաստ Դիմադրութեան առանցքին պիտի ըլլան:
Ան հաստատեց, որ Հըզպալլա կը հաւատայ Սուրիոյ եւ Լիբանանի միջեւ նոյն ուղին եւ նոյն ճակատագիրը ունենալուն` աւելցնելով, որ եթէ Սուրիոյ վրայ յարձակում սանձազերծուի` Դիմադրութիւնը վայրկեան մը իսկ պիտի չվարանի անոր օգտակար դառնալու առումով:
«Այս իմաստով Լիբանանի մէջ գտնուող սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձը կարեւոր է, եւ լիբանանեան պետութիւնը պէտք է Սուրիոյ հետ իր յարաբերութիւնները բնականոնացնէ` ի շահ Լիբանանին», ըսաւ ան` նշելով սակայն, որ Լիբանանի վրայ ամերիկեան եւ այլ ճնշումներ կը բանեցուին, որպէսզի հեզասահ յարաբերութիւններ չհաստատուին:
Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ Հըզպալլան պիտի մնայ Դիմադրութեան առանցքին մէջ` աւելցնելով, որ ներքին լիբանանեան իմաստով Հըզպալլա միշտ զգուշացած է քաղաքացիական պատերազմներու եւ համայնքային սադրանքներու մէջ ներքաշուելէ: «Այս իրականութեան ու ճշմարտութեան երկու բացայայտ օրինակներն են 2005-ին նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան յաջորդող օրերն ու Թայյունէի դէպքերը: Իսկ Դիմադրութեան եւ լիբանանեան բանակին միջեւ սադրանքներ ստեղծելու ծրագիրը միշտ կայ. այդ մէկը ամերիկեան ծրագիր է, սակայն մեր կողմէ կայ յստակ որոշում եւ նախաձեռնութիւն` բանակին հետ բախումի մէջ բնաւ չներքաշուելու», ընդգծեց ան:
Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ իրենք նախանձախնդիր կը մնան իրենց բոլոր բարեկամութիւններուն, ինչպէս նաեւ կը ձգտին Ամալ շարժումին հետ մէկզմէկու ամբողջացնելու մակարդակին հասնելու:
Ան ընդգծեց նաեւ, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ յարաբերութիւնն ու փոխըմբռնումի համաձայնագիրը տակաւին առկայ են եւ իրենք այդ յարաբերութիւնը պահպանելու եւ ամրապնդելու յանձնառու կը մնան: