ԵՐԵՒԱՆ.- Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը քննարկէ մարտական հերթապահութիւն իրականացնող ժամկէտային զինուորներու ծառայութեան ժամկէտը կրճատելու հարցը:
Հինգշաբթի, 21 Մարտի կառավարութեան նիստին ընթացքին այս մասին յայտնեց պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան:
Նախարարը նաեւ ըսաւ, որ զուգահեռաբար կը քննարկուի մարտական հերթապահութեան չընդգրկուած ժամկէտայիններու ծառայութեան ժամկէտը աւելցնելու հնարաւորութիւնը:
Նշենք, որ քաղաքացիները Հայաստանի զինուած ուժեր կը զօրակոչուին 2 տարիով:
Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կառավարութեան ներկայացուց նաեւ օրէնքի նախագիծ մը՝ կարգաւորելու համար զինուորական ծառայութեան կազմակերպման որոշ հարցեր, որոնցմէ մէկն ալ կը վերաբերի եղբայրներու՝ նոյն զօրամասին մէջ ծառայելու սահմանափակումներուն: Այս կարգաւորումով կը սահմանուի, որ եթէ երկու (եւ աւելի) հարազատ եղբայրներ նոյն ատեն կը ծառայեն, զօրամասի որոշման վիճակահանութեան կը մասնակցի անոնցմէ միայն մէկը, եւ երկուքն ալ կ՛երթան նոյն զօրամասը:
Բայց եթէ եղբայրներէն մէկը արդէն կը ծառայէ որեւէ զօրամասի մը մէջ, ուր իրեն համար սահմանուած են յատուկ պահանջներ (պատուոյ պահակախումբ, յատուկ նշանակութեան ստորաբաժանում եւ այլն), եթէ նոր ծառայութեան մեկնող միւս եղբայրը չի բաւարարեր այդ պահանջները ան չի կրնար զօրակոչուիլ նոյն զօրամասին մէջ:
Նշենք, որ տարածքային կառավարման նախարար Յակոբ Արշակեանի երկու եղբայրները այս պահուն կը ծառայեն նոյն զօրամասին մէջ:
Յայտնենք, որ որոշումը ստացաւ կառավարութեան դրական եզրակացութիւնը: