ՄՈՎՍԷՍ Ս. ՀԵՐԿԵԼԵԱՆ
Արա՛ ջան,
Ճշգրիտ թուականը չեմ յիշեր: Վաթսունականներու վերջերուն էր: Եդուարդ Պոյաճեանին կորուստի ցաւը դեռ չէր սպիացած, իսկ Կարօ Սասունին ողջ էր տակաւին: Այդ օրերուն «Բագին»-էն, եւ ոչ միայն «Բագին»-էն ներս գրական եւ մշակութային աշխուժութիւն կը տիրէր: Իմ կապը Պէյրութի հետ Պօղոս Սնապեանն էր: Իւրաքանչիւր Այնճար այցելութեան «Բագին» կամ որեւէ գիրք կը բերէր ինծի ընթերցանութեան համար: Այս անգամ հատորեակ մը երկարեց ու ըսաւ. «Կարդա՛, ասիկա յայտնութիւն մըն է»: Քիչ մը դժկամութեամբ ընդունեցի, նախ` անոր համար, որ իր հրատարակած ու յանձնարարած գիրքերը բոլորը չէին, որ հաճոյքով կը կարդայի, երկրորդ` խորագիրը տխուր էր, Եղեռնի յուշ կը բուրէր` «Վիրաւոր ծիծեռնակը»…, իսկ հեղինակը` բոլորովին անծանօթ մը: Պօղոսը, երբ նշմարեց տատամսումս, աւելցուց. «Կարդա՛ եւ պիտի հաւնիս, Արա Արծրունին բացառիկ տաղանդ մըն է, ապագայի մեր մեծ գրողներէն մէկը»: Առնուազն այս պարագային ան չէր սխալած. կարդացի հաճոյքով: Սակայն «Վիրաւոր ծիծեռնակը» սկիզբ մըն էր միայն, թէեւ` լաւ սկիզբ մը: Պատմուածքներուն մէկ մասը արդէն իսկ ծանօթ էր «Բագին»-ի ընթերցողներուն, եւ շատեր մեծ յոյսեր կապած էին Արա Արծրունի անուան հետ: Ժամանակի ընթացքին այդ յոյսերը իրականացան, բայց` ոչ իրենց ակնկալածի նման: Դուն առաջ անցար ու ջրդեղուելէ ետք կեանքի անողոք քուրային մէջ, սկսար պեղել ժամանակակից մարդու «տանջահար» ենթագիտակիցը ու բացայայտել այնպիսի իրաւութիւններ, որոնց դրսեւորումը այնքան ալ հաճելի չէր կարգ մը շրջանակներու համար: Կարճ ժամանակի ընթացքին մտար գերիրապաշտ ոլորտներուն մէջ ու այսօր հայ անհեթեթի թատրոնի առաջապահներէն մէկը կը համարուիս: Հայրենիքի մէջ շատ չէ անոնց թիւը, իսկ սփիւռքի մէջ մեզի յայտնի է պոլսահայ գրող Արման Վարդանեանին անունը: Դուն քու թատերական վաստակովդ, Պեքեթի, Պրեխտի ու անոնց գրչակիցներուն անցած ճանապարհին վրայ, ստեղծեցիր քու արեւելեան տարբերակդ- չըսելու համար` հայկականը: Իսկ այդ նոյն Շատերը մնացին «Վիրաւոր ծիծեռնակը»-ի սահմաններու մէջ եւ իրենց վիրաւոր գեղարուեստական ճաշակով ու ժամանակավրէպ գրական ըմբռնումներով ոչ միայն չհասկցան քեզ, ոչ միայն չկրցան թափանցել գրականութեանդ խորքը, այլ նաեւ հալածեցին ու նոյնի՛սկ փորձեցին խոչընդոտել թատերական ներկայացումներդ: Բայց դուն մնացիր ամուր ու պինդ` քու սկզբունքներուդ վրայ ու յամառօրէն շարունակեցիր գրական վերելքդ ինքնավստահ քայլերով, մինչեւ որ սերունդը փոխուեցաւ ու սկսար գնահատուիլ: Այս առումով, դուն ո՛չ առաջինն ես եւ ո՛չ ալ վերջինը: Գրականութեան եւ արուեստի պատմութիւնը ցոյց տուած է, որ իրաւ տաղանդները իրենց ժամանակին այնքան ալ հասկցուած ու գնահատուած չեն: Աւելի մեծերը նոյնիսկ թշնամական վերաբերումներու արժանացած են միջակութիւններու կողմէ:
Սիրելի՛ Արա,
Հոս ճի՛շդ տեղն է խոստովանելու, որ գրական վաստակիդ համեմատաբար քիչ ծանօթ եմ: Պատճառը պարզ է: 1985-էն ի վեր գրականութեամբ գրեթէ չեմ զբաղած: Նախընտրած եմ խորանալ կերպարուեստի մէջ: Քեզմէ կարդացած եմ միայն «Պահածոյի տուփերը», «Մժեղը» եւ «Ես զոհ, ես դահիճ» երկերը ու ներկայ եղած` երկու ներկայացումներու. «Միալար երաժշտութիւնը»` Զոհրապ Եագուպեանի բեմադրութեամբ եւ «Կոնտոլիզա իմ սէր»` Յակոբ Տէր Ղուկասեանի բեմադրութեամբ: Այս վերջինը առիթ ունեցայ տեսնելու հայրենիքի մէջ, Համազգայինի կազմակերպած հիւրախաղերու ընթացքին: Որքան որ զիս տպաւորած էր «Պահածոյի տուփերը»` իբրեւ բարձրորակ ու ժամանակակից գրական երկ, նոյնքան եւ աւելի զիս հիացուց ու ուրախացուց Յակոբ Տէր Ղուկասեանի բեմադրութիւնը, որովհետեւ թէ՛ ինք եւ թէ՛ դերասանները ճիշդ ըմբռնած ու մեկնաբանած էին թատերակի էութիւնն ու պատգամը, որոնք գեղարուեստական ուժով կը մատուցուէին հանդիսատեսին: Այս բոլորը կը բաւեն հաստատելու, որ դուն նոր էջ մը կը բանաս հայ անհեթեթի թատրոնին մէջ, որովհետեւ կրցած ես կերտել ստեղծագործական սեփական աշխարհդ, ուր անզսպելի ժամանակին հետ թաւալող կեանքը կը զգենու անհեթեթ, անտրամաբանական ու նոր պիտակաւորում: Զարմանալի չէ, որ ոմանք չկարողացան, գուցէ ասկէ ետքն ալ շատեր չկարողանան ընկալել արուեստդ, որովհետեւ անհեթեթի գրականութեան գեղարուեստական շերտերէն ներս կարենալ թափանցելը մշակութային որոշ հասունութիւն կ՛ենթադրէ:
Հակառակ անոր որ քու բոլոր գործերդ չեն հրատարակուած ու արժեւորուած, եւ հակառակ անոր որ հրապարակի վրայ եղածներն ալ յաւուր պատշաճի ու մասնագիտականօրէն դեռեւս չեն ուսումնասիրուած, այնուամենայնիւ, արդէն իսկ անոնք գնահատուած են իբրեւ առանձին երակ հայ թատերական բնագաւառին մէջ: Կը բաւէ վկայակոչել գրող Հրանդ Մաթեւոսեանի, թատերագէտ Լեւոն Մութաֆեանի, եւ կամ բեմադրիչներ` Վարուժան Խտըշեանի եւ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի կարծիքները:
Թէեւ պարբերաբար կը լսէի Արա Արծրունի անունը, այնուամենայնիւ, մենք շատ ուշ, 1984-ին միայն ծանօթացանք իրարու: Այդ շրջանին մենք կ՛ապրէինք Մար Մըխայէլի Խտըշեաններուն շէնքը, իսկ քոյրերդ` ճի՛շդ մեր վերի յարկաբաժինը, որոնց յաճախ կ՛այցելէիր, նոյնիսկ` վտանգաւոր օրերուն: Եկած էիր եղբօրս` Պետիկին քով, զոր աւելի կանուխէն կը ճանչնայիր: Փոխադարձ համակրանք եւ յարգանք ունէիք իրարու հանդէպ: Երկուքդ ալ` իբրեւ գրող, գերիրապաշտ եւ անհեթեթի ոլորտներու մէջ կ՛ապրէիք: Եւ պատահական չէր, որ երբ Պետիկը «Եուհուն» հրատարակեց, առաջին ողջունողներէն ու բարձր գնահատողներէն մէկը դուն եղար: Եթէ չեմ սխալիր, նաեւ գրած ես իր մասին: Այո՛, զիրար լաւ կը հասկնայիք, եւ հարազատութիւն կար ձեր միջեւ, որովհետեւ ոչ միայն ինքն ալ քեզի նման միեւնոյն պատճառներով ու նոյնիսկ այդ նոյն «շատեր»-ու կողմէ նմանօրինակ ձեւերով մերժուեցաւ… Բայց ի վերջոյ ինքն ալ քեզի նման գրականօրէն ընդունուեցաւ, գնահատուեցաւ ու մեծարուեցաւ` ըլլայ հայրենիքի մէջ թէ սփիւռքի:
Իսկ ինչ կը վերաբերի մեր յարաբերութեան, կարճ ժամանակի ընթացքին մենք կրցանք մտերմանալ, որովհետեւ բացի գրականութենէն` մեր միջեւ կային այլ ընդհանրութիւններ եւս: Դուն հնագիտական եւ արուեստի գործերու հաւաքորդ էիր նաեւ: Սակայն գրականութիւնը կը մնար խօսակցութեան առանցքը մեր հանդիպումներուն, որոնք ընդհանրապէս ընտանեկան բնոյթ կը կրէին: Վերջին տարիներուն թէեւ ուղղակի կապը գրեթէ կտրուած էր կեանքի բերումով, այնուամենայնիւ, հեռաձայնի կամ մամուլի միջոցով լուրերդ կը ստանայի: Շրջան մը դուն եւ ուստրդ` Սեւակը ձեր յայտնաբերած ղարաբաղեան Տիգրանակերտի աւերակներով խանդավառուած էիք, սակայն հակառակ անոր որ պեղումները շարունակուեցան, բայց ձեր մասին լռութիւն տիրեց:
Սարոյեան առիթով մը Ազնաւուրին կ՛ըսէ. «Ապրի՛ս, եղբա՛յր, դո՛ւն ալ յաղթեցիր, դուն մեծ ու դիմացկուն հայ մըն ես», իսկ ես չեմ վարանիր սեւով սպիտակի վրայ գրելու «Դո՛ւն ալ յաղթեցիր, ընկե՛ր, ու մեկնեցար մեծ ու դիմացկուն հայու մը նման»: Ոմանց համար գուցէ շատ թուի այս գնահատականը, սակայն քեզ մօտէն ճանչցողները շատ լաւ գիտեն, որ դուն քու ստեղծագործական կեանքիդ ընթացքին (գրականէն անկախ), ստանալով հանդերձ անհատական, ընտանեկան թէ ազգային ծանր ու ճակատագրական հարուածներ, կրցար դիմանալ եւ շարունակեցիր ստեղծագործել: Անշո՛ւշտ խօսքը կը վերաբերի նախ բարձրորակ գրականութեանդ եւ ապա նաեւ` ամուր անհատականութեանդ, որ չխոնարհեցաւ որեւէ կողմնակի ու այլասերիչ ուժի դիմաց եւ ոչ ալ գաղափարական գետնի վրայ շեղեցար քու մարդկային ու ազգային սկզբունքներէդ: