«Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկ»-ի հայկական բաժանմունքի տնօրէն դոկտ․ Ռազմիկ Փանոսեան այցելեց «Ազդակ»-ի խմբագրատուն եւ տեսակցեցաւ տնօրէնութեան հետ։ Հանդիպման արծարծուած թեմաները կը վերաբերէին Հիմնարկի ծրագիրներուն եւ յատկապէս Լիբանանի հայկական դպրոցներու եւ արեւմտահայերէնի զարգացման ուղղութեամբ Հիմնարկի մշակած ռազմավարութեան։
Այս հիմնական հարցերուն մասին «Ազդակ» դոկտ․ Փանոսեանին հետ ունեցաւ հարցազրոյց մը, զոր կը հրատարակենք հետագային։