Յարութիւն Իսկահատեան-Պէյրութ
Օսմանեան կառավարութիւնը պետութեան սահմաններուն մէկ ծայրէն միւսը գործադրութեան մէջ կը դնէ հայերը բնաջնջելու խնամքով պատրաստուած հետեւողական ծրագիր մը 1915 թուականի սկիզբները: Նոյն տարուան առաջին վեց ամսուան ընթացքին մէկ միլիոն հայեր կը սպաննուին: Դոկտ. Հըրպըրդ Ատըմզ Կիպընզ այս մասին իր վերլուծական խոհերը ի մի կը հաւաքէ եւ լոյսին կը բերէ անգլերէն գիրքով մը, որ կը կրէ. «Ժամանակակից Պատմութեան Սեւագոյն Էջը, 1915ի Հայկական Դէպքեր, Իրողութիւններ Եւ Պատասխանատուութիւններ» (The Blackest Page of Modern History; Events in Armenia in 1915, the facts and the Responsibilities) խորագիրը: 93 էջնոց գիրքը հրատարակուած է Նիւ Եորքի մէջ 1916ին: Անգլերէնէ հայերէն թարգմանիչներն են Ա. Սաղաթէլեանն ու Ե. Մօրլեան (տպարան Հայկ- Նիւ Եորք):
Հըրպըրդ Ատըմզ Կիպընզ պատշաճ եւ հրամայական կը համարէ այս վայրկեանիս (այս խօսքերը հեղինակը գրած է 1915ի Դեկտեմբերին Փարիզի մէջ) ուշադրութիւն հրաւիրել Հայոց Ցեղասպանութեան վրայ, զոր, անվիճելիօրէն ժամանակակից պատմութեան սեւագոյն էջն է, որպէսզի երեւան գան իրողութիւնները եւ մատնանշուին պատասխանատուութիւնները: «Հայկական կոտորածները բացայայտ կերպով հաստատուած են Թուրքիոյ մէջ, որուն պատասխանատուները որոշապէս կարելի է ցոյց տալ եւ առանց քաղաքական շահի ակնկալութիւններու եւ ամենաթեթեւ կասկածն իսկ ներշնչելու՝ կարելի է միջազգային խղճմտանքին դիմում կատարել Օսմանեան Պետութեան մէջ ներկայիս գտնուող հայ ցեղի մնացորդացին պաշտպանութեան սիրոյն», կ՛աւելցնէ ան:
Սուլթան Ապտիւլ Համիտ 1908ին Օսմանեան Սահմանադրութիւնը կը վերահաստատէ Երիտասարդ Թուրքերու պնսումով: Արեւմուտքը իր կարելի բոլոր միջոցներով բարիեացակամութիւն եւ գործնական քաջալերանք կը շռայլէ Օսմանեան Պետութեան բարեկարգիչներուն՝ նոր վարչակարգի հիմնադրութեան առիթով: Անգլիա եւ Ֆրանսա Թուրքիոյ օգտակար կը դառնան դրամով եւ խորհրդատուներու ձրի ծառայութեամբ: Անոնց օգնութեան մեծ բաժինը գանձային եւ ծավային նախարարութիւններու կը յատկացուի:
Հըրպըրդ Ատըմզ Կիպընզ կը խոստովանի թէ սկիզբը Երիտասարդ Թուրքերու հանդէպ ջերմ ու անխախտ հաւատարմութիւն ցոյց տուած էր, որովհետեւ ան ամերիկեան թերթի մը Մերձաւոր Արեւելքի թղթակիցներէն մէկը եղած էր: Թուրքիոյ իրերայաջորդ եպարքոսներ զինք վստահեցուցած էին թէ Փարիզի եւ Լոնտոնի համագործակցութիւնը, որ կը ծառայէր ստեղծելու այն մթնոլորտը, որուն մէջ Արեւմուտքը պիտի խուսափէր քննադատելէ Թուրքիոյ ներքին կեանքը եւ շատ բաներու վրայէն լռութեամբ պիտի անցնէր, հնարաւոր դարձնելու համար նորահաստատ Սահմանադրութեան պահպանումը: Ահաւասիկ թուրքը կրկին յաջողած էր Արեւմուտքը խափել – Յ. Ի.:
Կիպպընզ 1908էն մինչեւ 1913 եւրոպական ու ասիական Թուրքիան վայելելու ոսկի պատեհութիւնը կ՛ունենայ: Ան կը մասնակցի Օսմանեան Պետութեան նոր վարչակարգին ծնունդը հռչակող տօնախմբութիւններուն Կ. Պոլսոյ, Զմիւռնիայի եւ Պէյրութի մէջ: Այդ օրերուն Հըրպըրդ Ատըմզ Կիպընզ մօտէն կը ծանօթանայ ու կը ճանչնայ Թուրքիոյ հայերը եւ Երիտասարդ Թուրքերու ու նոր համակարգին հանդէպ անոնց ունեցած իսկական զգացումներուն վերահասու կը դառնայ: Հեղինակը 1909ին Ապրիլ ամսուան ականատես կ՛ըլլայ թէ հայոց խանդավառութիւնն ու հաւատարմութիւնը ինչպէս կը վարձատրուի երեսուն հազարի ջարդով՝ Կիլիկիոյ եւ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ: Կոտորածէն առաջ Կիպընզ դիտարկած էր հայոց նկատմամբ թուրքերու վերաբերումը: Անոր աչքերուն առջեւ հայոց անմեղ արիւնը կը հոսի Ատանայի մէջ:
Թրքական պետութիւնը 1914ի աշնան զօրահաւաքի կը սկսին, քրիստոնեաներն ու իսլամները բանակ կը տանին: Փրկագին վճարող հայերը քանի մը շաբաթ ետք կրկին բանակ կը կանչուին: Հայերը իրենք զիրենք իբրեւ քաջ զինուորներ, կարող պաշտօնեաներ, ուշիմ, ժրաջան, շինարար աշխատաւորներ եւ հաւատարիմ տարրեր կը դրսեւորեն օսմանեան բանակին մէջ, կ՛ըսէ հեղինակը՝ Հըրպըրդ Ատըմզ Կիպընզ:
Իթթիհատի պաշտօնեաներ Կ. Պոլսէն գաղտնի հրամաններ կ՛արձակեն 1915ի Ապրիլին Փոքր Ասիոյ տեղական իշխանութիւններուն, որպէսզի ամէն միջոցի դիմեն կանխաւ արգիլելու համար հայոց կողմէ որեւէ հաւանական «ապստամբական» շարժում: Կեդրոնէն եկած հրահանգները կ՛ըսեն թէ ազգային պաշտպանութիւնը անհրաժեշտօրէն կը պահանջէ կանխազգուշական խստութիւն՝ հայերը անվնաս դարձնելու համար: Անոնք կ՛աւելցնեն թէ հայերը երկրին ծայրահեղ վտանգ կը սպառնան: Կարգ մը քաղաքներու եւ գիւղերու պատասխանատուները կը պատասխանեն թէ հայերը որեւէ կասկածելի գործունէութիւն չունէին եւ ոչ մէկ վնաս կրնային հասցնել, քանի որ զէնք չէին կրեր: Հայոց ամենէն կորովի արական տարրը արդէն բանակին մէջ կը ծառայէր: Կը գտնուէին թուրքեր, որոնք ամօթի եւ գութի տեսակ մը զգացումով լեցուած էին հայոց հանդէպ: Սակայն թուրք պաշտօնեաներուն մեծագոյն մասը Կ. Պոլսէն եկած հրահանգները պատրաստակամօրէն եւ աշխոյժ կերպով կը կատարէր: Չանսաստողները կը պատժուէին կամ կը փոխարինուէին ուրիշներով: Հեղանակը՝ Հըրպըրդ Ատըմզ Կիպընզ կ՛ըսէ թէ այսպիսով կոտորածներու նոր հանգրուան մը կը սկսի…:
Թրքական ոճրագործ մեքենայի աչքէն ոչ մէկ հայ կը վրիպէր: Ծովեզերեայ քաղաքներու հայ բնակիչները նաւերով ուրիշ նաւահանգիսներ կը տարուին: Զարմանալիօրէն նաւերը շուտ կը վերադառնան՝ պարպուա՜ծ իրենց ճամբորդներէն: Հայ բնակչութեան ուժեղ երիտասարդները ազդարարութիւն կը ստանան յարմարագոյն վայր մը հաւաքուելու, ընդհանրապէս քաղաքէն դուրս, ուր թուրք ոստիկանները բոլորն ալ սուրէ կ՛անցնեն:
Բանակին մէջ ծառայող անզէն հայ զինուորներու խումբերը յանկարծակի յարձակումներ կը կրեն թուրք զինուած ոյժերու կողմէ եւ գնդակներով կը ծակծըկուին՝ առանց գիտնալու թէ ի՜նչ կը պատահի…: Հեռագիրներ կը տեղան Կ. Պոլիս, Թալաաթի աւետելով որ «հո՛ս հո՛ն եւ ամենուրէք հայկական յեղափոխութիւնը ջախջախուած էր»: Կին եւ մանուկ, ծեր եւ երիտասարդ հայերը վտանգաւոր տարր կը նկատուէին Օսմանեան Պետութեան համար: Պէտք էր հայութիւնը Թուրքիայէն արմատախիլ ընել: Սակայն արդեօք ինչպէ՞ս կարելի էր գործադրել այս ծրագիրը հարց կուտայ հեղինակը՝ Հըրպըրդ Ատըմզ Կիպընզ:
1915ի Մայիսէն մինչեւ Օգոստոս, օսմանեան կառավարութիւնը հետեւողականօրէն կը հետապնդէ այս ծրագիրի գործադրութիւնը, զոր աւելի դժոխային էր քան հնարաւոր յոռեգոյն կոտորածները: Հայութիւնը դէպի հարաւ, Սուրիա եւ Միջագետք կը քշուի: Ծերեր, հիւանդներ, մանուկներ ու յղի կանայք բացառութիւն չէին կազմեր: Միայն հարուստ վաճառականներ, դրամատէրեր ու գեղադէմ եւ գեղամարմին կիներ ու աղջիկներ արտօնուած էին ազատ մնալու՝ իսլամութիւնն ընդունելու պայմանաւ…:
Բռնագաղթուածները քրիստոնեայ գիւղերէն անցնելու պարագային, կարաւանին արտօնուած չէր կերակուր կամ որեւէ հոգածութիւն ընդունիլ: Ծերերը, հիանդները, անկարներն ու երեխաները կ՛իյնային ճամբաներու եզերքները՝ անգամ մըն ալ չելլելու համար: Երկունքի մէջ եղող կիները սուիններով եւ խարազաններով առաջ կը քշուէին: Թուրքերը սիրուն աղջիկները կը խլէին իրենց սիրելիներէն ու հարէմները կը տանէին եւ կամ իրենք կը բռնաբարէին: Այդ խեղճերը անտանելի տառապանք կրած ըլլալով կը սպասէին իրենց մահուան: Մայրեր, խելագարուած գետը կը նետէին իրենց զաւակները անոնց տառապանքին վերջ դնելու համար եւ ապա իրենք ալ ջուրը կը նետուէին: Անօթութիւնն ու ծարաւը, լքումն ու ամօթը հարիւր հազարաւոր կիներ, աղջիկներ եւ մանուկներ մահուան գիրկը կը նետէին: կարաւանը օրէ օր եւ ժամէ ժամ կը նօսրանար…:
Ու Երիսարդ Թուրքերը տակաւին կը շարունակեն նուաճե՜լ «հայ յեղափոխութիւնը», հո՛ն, Փոքր Ասիոյ մէջ:
Անգլուհի մը հեղինակին՝ Հըրպըրդ Ատըմզ Կիպընզի տուած իր այցելութեան ընթացքին կ՛ըսէ. «Տեղահանութիւնը տակաւին կը շարունակուի: Ներքին նահանգներէն սկսած մինչեւ Պաղտատի երկաթուղիի երկայնքին՝ անցնելով Ատանայի մէջէն, անոնք դէպի մահուան ուղեւորութիւն կը ղրկուին: Բնաջնջումի գործը փութացնելու կը ծառայէ անոնց հետիոտն ընթացքը: Երանի՜ թէ միայն կոտորածներով վերջանար ինչպէս ապտիւլհամիտեան օրերուն: Ատանայի երկաթուղիի կայանէն դիտեցի հայ կիներ, որոնք իրենց մանկիկները իրենց թեւերուն վրայ բարձրացուցած «ջո՜ւր» կը խնդրէին: Հացի ախորժակ չէր մնացած այլեւս անոնց մէջ: Միայն ջո՜ւր, պո՛ւտ մը ջո՜ւր կ՛աղերսէին: Ամեն օր գրեթէ նոյն տեսարանը կը կրկնուէր: Լորտ Պրայս 800,000 զոհե՜ր կ՛ենթադրէ: Լա՛ւ, այժմ այդ թիւը մէկ միլիոնի հասած ըլլալու է»:
Հըրպըրդ Ատըմզ Կիպընզ կ՛ըսէ թէ այս բոլորէն ետք Ուաշինկթընի թուրք դեսպանը տակաւին կը յայտարարէ թէ այս պատմութիւնները շինծու են: Հայերը դարերու ընթացքին ապացուցած են որ իրենք օգտակար տարր մըն են Օսմանեան Պետութեան բարգաւաճման եւ բարօրութեան համար: Անոնք իսլամ թուրքերու հետ բարի դրացնութիւն պահելու միտուած են:
Հեղինակը իր եզրակացութեան մէջ կ՛ըսէ թէ Գերմանիա կարողութիւնն ունէր արգիլելու Թուրքիոյ հայաջինջ ձեռնարկը, բայց ան որոշած էր ոչ մէկ բան ընել: Լուրջ պատճառներ կան հաւատալու որ գերմանական կառավարութիւնը եթէ չէ քաջալերած հայոց ջարդերը, ապահովաբար ողջունած է Փոքր Ասիոյ մէջ անոնց բնաջնջումը եւ անոնց հեռացումը այդ տարածաշրջանէն` իր տնտեսական ծրագիրները իրականացնելու համար: