Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Դոկտ. Հրանդ Մարգարեան Իր Մենաներկայացումին Ընդմէջէն Հանդիսատեսները Հաղորդակից Դարձուց Խրիմեան Հայրիկի Պատգամներուն

November 16, 2018
in Newsletter, Մշակութային
0
Դոկտ. Հրանդ Մարգարեան Իր Մենաներկայացումին Ընդմէջէն Հանդիսատեսները Հաղորդակից Դարձուց Խրիմեան Հայրիկի Պատգամներուն

Հովանաւորութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան երէկ` չորեքշաբթի, 14 նոյեմբեր 2018-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Խրիմեան Հայրիկ» մենաներկայացումը` հեղինակութեամբ, խաղարկութեամբ եւ բեմադրութեամբ գիտնական, թատերագիր, բանաստեղծ, թարգմանիչ, թատերագէտ, գրաքննադատ, բեմադրիչ, դերասան, խմբագիր, հասարակական գործիչ, դաստիարակ դոկտ. Հրանդ Մարգարեանի:

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անունով Հուրի Զաքարեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն յայտնեց, որ սոյն մենաթատրոնը սփիւռքի ներկայ պայմաններուն մէջ պատահականօրէն ընտրուած նիւթ մը չէ` նկատի ունենալով, որ ան կ՛անդրադառնայ ազգային զարթօնքին, որուն այնքան կարիքը ունինք այսօր Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ:

«Խրիմեան Հայրիկ» մենաներկայացումը կը պատմէ լաւատես, խրոխտ եւ անսասան հաւատքով անձնաւորութեան` Խրիմեան Հայրիկի ծնունդէն մինչեւ վախճանումը երկարող տարիներուն մասին: Այն Հայրիկին, որուն պատգամները այժմէական են ու կը մնան միշտ դաստիարակիչ` յաջորդ սերունդներուն համար: Ներկայացման ընթացքին հանդիսատեսը առիթը ունեցաւ առնչուելու Խրիմեան Հայրիկի հոգեւոր եւ ազգային կեանքի զանազան փուլերուն հետ, լսեց անոր կուռ հաւատքի դրսեւորումները, յորդորներն ու քաջ որոշումները:

Մենաներկայացման իրենց մասնակցութիւնը բերին Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանի աշակերտները, որոնց Խրիմեան Հայրիկը ներկայացման ընթացքին յորդորեց կառչած մնալու հայրենիքին, մշակոյթին, հաւատքին, հայ ընտանիքին եւ յատկապէս հողին:

Previous Post

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Պետական Երաժշտանոցին Եւ Համազգային Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութեան. «Քեզի Համար Ազնաւուր» Երաժշտական Բարձրորակ Յայտագիրը Շարլ Ազնաւուրը Ոգեղէն Ներկայութիւն Դարձուց Լիբանանի Երաժշտասէր Զանգուածին Մօտ Եւ Լիբանանը Ազնաւուրացաւ

Next Post

UK leadership challenge: How does it work?

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.