Շաբաթ, 20 Յունուար 2018 թուականին, Դամասկոսի Շիրաթոն պանթոկին մէջ «ՄԱՏԱՏ» հետազօտութիւններ եւ ուսումնասիրութիւններ կեդրոնին կողմէ տեղի ունեցաւ «Ազգային ինքնութիւնը, Սուրիոյ ճգնաժամի լոյսի ներքեւ ընթերցումներ եւ ակնարկներ» խորագիրով գիտաժողովը: Այս մասին կը յայտնէ PERIO NEWS-ը:
Կազմակերպուած գիտաժողովի մասնակիցները հաստատեցին Ազգային ինքնութեան ամրապնդումը, որուն մէջ կ՛ընդգրկէ հասարակութեան միասնութիւնը, նշելով անոր վտանգ հանդիսացող գործօնները:
Մասնակցները ընդգծեցին Ազգային ինքնութեան մարտահրաւէրները քննարկելու կարեւորութիւնը պատերազմի ընթացքին:
Գիտաժողովին զանազան թեմաներով իրենց մասնակցութիւնը բերին սուրիացի քաղաքական, մտաւորական եւ այլ խաւի ակնառու անձնաւորութիւններ: Անոնց կարգին էր նաեւ Սուրիոյ խորհրդարանի անդամ քաղաքական գործիչ, մտաւորական եւ թարգմանիչ դոկտ. Նորա Արիսեանը:
Դոկտ. Արիսեան, ելոյթ ունեցաւ «Սուրիական ինքնութիւնը եւ սուրիահայերը, իբրեւ մշակութային բազմազանութեան օրինակ» խորագիրով: Դոկտ. Արիսեան, ներկայացուց հայկական ինքնութեան հանգրուանները, ընդգծելով հայկական տարողութիւնը սուրիական ինքնութեան մէջ եւ սուրիական տարողութիւնը հայկական ինքնութեան մէջ, հաստատելով, որ «Սուրիահայերը կը ներկայացնեն սուրիական հասարակութեան մշակութային բազմազանութեան ամենաուժեղ օրինակը»: