ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ
Ճիշդ է, որ տնտեսական դժուար պայմաններու մէջ ենք եւ բոլոր մակարդակներու վրայ ճգնաժամ մը կ՛ապրինք:
Մարդուժի, կարողականութեան հարցեր կան, եւ շուարած վիճակ ունինք բոլորս:
Տարբեր կառոյցներ, տարբեր մակարդակներու վրայ պաշտօնեայի կարիք ունին լրջօրէն. ուսուցիչ, հոգեբան, արհեստաւոր, խմբագիր, տնտեսուհի, պահակ, վկայեալ հաշուապահ եւ այլն:
Տնտեսական այս անորոշութեան մէջ ո՛չ գործատէրը կրնայ ամսաթոշակ ճշդել, ո՛չ ալ գործի դիմողը կրնայ յստակ իր պայմանները ներկայացնել:
Տեսակ մը անել կացութեան դէմ յանդիման կը գտնուինք բոլորս:
Բայց կեանքը պիտի շարունակուի: Աշխատանքները կարելի չէ կեցնել: Կան ընթացիկ հարցեր, որոնք անխուսափելի են: Մանաւանդ կան ծառայողական աշխատանքներ, որոնք հաւաքական կեանքին համար անհրաժեշտ են:
Այս բոլորին լոյսին տակ բնաւ չաշխատիլը լուծում չէ: Նպաստներով բաւարարուիլը կամ դուրսը գտնուող հարազատներուն օժանդակութիւններով բաւարարուիլն ալ ճիշդ չէ:
Պէտք է անպայման գործ մը աշխատիլ, թէեւ այսօրուան համար գանձուած ամսաթոշակը կրնայ ծիծաղելի ըլլալ` իբրեւ եկամուտ, բայց վաղուան մասին մտածելով` աշխատանքը պահելը, թափն ու թռիչքը չկոտրելն ու շարունակելը շատ կարեւոր է անձնական եւ հաւաքական կեանքին համար:
Արգիլուած է յուսահատիլ կամ ընկրկիլ: Պէ՛տք է միասնաբար անցընենք այս դժուար փուլն ալ: Վստահ եմ, որ պիտի անցնին այս օրերն ալ: Ճիշդ այդ պատճառով պէտք է աշխատանքի բոլոր կարելիութիւններն ու միջոցները օգտագործենք, որպէսզի կարենանք շարունակել:
Լիբանանահայութիւնը պէտք է գիտնայ, որ ընելիք ունի տակաւին, եւ Լիբանանին կառչած մնալը միայն աշխարհագրական ընտրանք չէ, այլ ռազմավարական եւ հեռանկարային անհրաժեշտութիւն է:
Այս իմաստով իւրաքանչիւրս առանձնաբար մեր ներդրումը պէտք է բերենք` մեր շրջապատին մէջ դրական ներուժ ստեղծելու եւ չյուսահատելու:
Դժուար է, շա՜տ դժուար է տոկալը: Դժուար է դիմանալն ու շարունակելը: Սակայն կորովն ու յոյսը մեր մէջ պահելով` անպայման կը յաղթահարենք այս բոլորը:
Ամէնէն կարեւորը այն է, որ մեր մէջ դրական ներուժը առկայ եւ զօրաւոր պահենք: