ՅԱԿՈԲ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Օտարախօսութեան դէմ պայքարին մէջ ի՞նչ դեր ունէր եկեղեցին, գրաբարը ինչպէ՞ս կ՛ընկալուէր հայ դպրոցականներուն կողմէ. հարցեր, որոնց անդրադառնալով կ՛ուզեմ աւարտին հասցնել այս շարքը:
Հայ առաքելական եկեղեցին լեզուի պայքարին կը մասնակցի երկու երեսներով՝ պայքար թրքախօսութեան դէմ գրական արեւմտահայերէնի տարածման համար, նաեւ եկեղեցւոյ արարողակարգերուն մէջ աշխարհաբարի ներթափանցման փաստին առթիւ՝ պայքար ի պահպանութիւն գրաբար հայերէնի: Հաւատացեալներուն հասկնալի դառնալու համար՝ նախ թրքերէնը կը մտնէ նաեւ Հայ եկեղեցւոյ մէջ: Բարբառն ալ կը գործածուէր տեղ-տեղ, նաեւ՝ արաբերէնն ու քրտերէնը: Թրքերէնը առաւել գործածութիւն ունէր: Հայախօս շրջանակներու մէջ կը գործածուէր նաեւ աշխարհաբարը՝ խորհուրդները, ընթերցուածները եւ այլն:
Այս խառնափնթոր պատկերին առջեւ Բերիոյ թեմի առաջնորդ Արտաւազդ արք. Սիւրմէեան 6 Ապրիլ 1936-ին կը հրապարակէ թիւ 1 որոշմնագիրը (Յակոբ Չոլաքեան, Ութսունամեակ Հալէպի Ազգային Սահակեան վարժարանի, 1927-2007, էջ 107).
Որոշմնագիրը կը բերենք ամբողջութեամբ.
«Ներկայ Առաջնորդական Պաշտօնագրով վերջին անգամ ըլլալով եւ կարեւորութեամբ կ’ազդարարենք, որ այսօրուընէ սկսեալ բացարձակապէս արգիլուած է Հայ Եկեղեցւոյ մէջ, ըլլա՛յ Քահանայ Հայրերու կողմէ, ըլլա՛յ հիւր Վարդապետ կամ Աբեղայ կամ Քահանաներու կողմէ, ըլլա՛յ Սարկաւագ կամ Աւագ Սարկաւագներու կողմէ, ըլլա՛յ հրամանաւ Ուրարակրի կողմէ, ըլլա՛յ Դպրապետի կամ Դպրաց Դասու ոեւէ անհատի կողմէ, թուրքերէն լեզուաւ կամ աշխարհաբար լեզուաւ, ըլլա՛յ ուղղակի, ըլլա՛յ անուղղակի, գրաբար բնագրին վրայէն կարդալ աշխարհաբար կամ թուրքերէն:
«Դարձեալ արգիլուած է պսակի, մկրտութեան կամ թաղման յատուկ աղօթքները նոյն ձեւով կարդալ աշխարհաբար կամ թուրքերէն: Մէկ խօսքով՝ տարիներէ ի վեր Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ բոյն դրած քմահաճ սովորութիւնները յառաջիկայ Ս. Զատկի տօնական օրերէն առաջ պէտք է ի սպառ վերցուին քաղաքիս Ս. Աստուածածին, Ս. Խաչ եւ վերջերս ալ ցաւալի կերպով եւ անբացատրելի կերպով ծաւալիլ սկսած Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջէն:
«ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ մի է իր բոլոր մանրամասնութիւններուն մէջ,- այս միութիւնը պէտք է երեւան գայ թեմիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, ինչպէս որ միաձեւ են Գահիրէի, Աղեքսանդրիայի, Աթէնքի, Կ. Պոլսոյ, Մարսիլիոյ, Բարիզի, Լոնտոնի, Ամերիկայի, Պաղտատի, Պարսկաստանի, Հնդկաստանի բոլոր ՀԱՅ եկեղեցիները:
«Ցաւով կը յայտարարենք, որ անսաստողներու համար վերապահած ենք կանոնական խիստ կարգադրութիւններ՝ ՄԷԿ ամիսէն մինչեւ ԵՐԵՔ ամիս ապաշխարութիւն եւ քահանայական պաշտօններու տեղափոխութիւն:
Յանձնարարելով կատարեալ հնազանդութիւն Առաջնորդական ներկայ կարեւոր Հրահանգի հանդէպ եւ հայրական սիրոյ ողջունիւ:
Մնամք աղօթարար
Արտաւազդ Արքեպիսկոպոս»
Գրաբարի ուսուցումը դեռ 19-րդ դարու երկրորդ կէսէն սկսած էր նահանջ արձանագրել արեւմտահայ դպրոցին մէջ: Սուրիահայ դպրոցը, մանաւանդ ազգային վարժարանները, մասամբ կը շարունակեն իրենց ծրագիրներուն մէջ մտցնել նաեւ գրաբարը: Ոմանք ջերմօրէն կը պաշտպանեն անոր ուսուցման կարեւորութիւնը նկատելով հանդերձ, որ «Յաճախ գրաբարի ուսուցումը աւելորդ ժամավաճառութիւն սեպուած եւ զանց առնուած է մեր նախակրթարանաց բարձրագոյն կարգէն կամ նոյնիսկ բարձրագոյն դպրոցներուն մէջ» (Խ. Պ. Քարտաշ, «Գրաբարի ուսուցումը», Եփրատ, 7 Սեպտեմբեր, 1927, թիւ 45): Այդպէս ալ կը մնայ:
Սակայն դպրոցները ծրագրային եւ արտածրագրային յայտագիրներով աշակերտները եկեղեցիին մերձեցնելու աշխատանք տարած են ամենուրեք եւ միշտ ու գրաբարին հետ հաղորդ պահած. այսպէս՝
– Ծրագրային իր գործունէութեան մէջ կրօնագիտութեան դասանիւթի առկայութիւնը ընդհանուր է բոլոր դպրոցներուն համար: Երեք համայնքները տարբեր դասագիրքեր կ’առաջարկէին իրենց դպրոցներուն: Հայ առաքելական եւ կաթողիկէ վարժարաններուն մէջ կրօնական դաստիարակութեան կողքին՝ կայ յատուկ ջանք աշակերտին ընկալելի դարձնելու գրաբարով կատարուող խորհուրդները, ծիսակարգը, աղօթքները, շարականներն ու տաղերը, մէկ խօսքով՝ ընկալելի դարձնել գրաբարը: Հայոց պատմութեան դասագիրքերուն եւ հայերէնի ընթերցարաններուն մէջ դրուած են գոց սորվելու գրաբարեան մէջբերումներ մեր վիպասանքէն, ինչպէս հատուածներ՝ Արշակի եւ Վաղարշակի, Արտաշէս Աշխարհակալի, Արտաշէսի եւ Արտաւազդի, Արտաշէսի եւ Սաթենիկի, Նոյեան տապանին դրուագներէն հատուածներ, Աստուածաշունչի թարգմանութեան առաջին տողը եւ այլն, հատուածներ Խորենացիի, Եղիշէ Պատմիչի եւ այլոց երկերէն: Կրօնի դասագիրքերուն մէջ կան սորվելիք շարականներ, տաղեր, Տէրունական աղօթքը, Հաւատոյ հանգանակը, աղօթքներ՝ ճաշի, գործի սկսելու, քնանալու եւ այլն:
– Ծրագրային աշխատանքին մաս կը կազմէ «Աշակերտական Պատարագ»ը: Ան կը կատարուէր կից եկեղեցւոյ կամ մատռան մէջ: Աշակերտներ կը ծանօթանային Ս. Պատարագին եւ երգեցողութիւն կը կատարէին: Ժամարար քահանան համապատասխան թարգմանութիւններ ու թելադրութիւններ կը կատարէր: Ազգային վարժարաններուն մէջ 1990-ական թուականներէն կը վերականգնի շաբաթը մէկ անգամ կատարուող «Աշակերտական Պատարագ»ը, որ ունի որքան դաստիարակչական, այդքան ալ ճանաչողական նշանակութիւն: Մօտիկ եկեղեցւոյ մէջ յատկապէս աշակերտութեան համար տրուող արարողութեան նպատակը նոր սերունդը Հայ Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին մօտիկէն ծանօթացնելն է: Աշակերտները Պատարագը կը ճանչնան, կը մասնակցին անոր կատարման, երգեցողութիւն կը կատարեն, գրաբարը կը կարդան ու կ’ընտելանան անոր: Աշակերտները ունին յատուկ ուղեցոյց՝ «Պատարագի երգեցողութեան տետր – աշակերտական»:
– Դպրոցականներ կը ներգրաւուէին եկեղեցիներու դպրաց դասերուն մէջ ու աստիճանաբար կ’իւրացնէին Հայ եկեղեցւոյ գրաբար արարողակարգը: Դպրապետները հոն կը կատարէին ու կը շարունակեն կատարել ուսուցման կարեւոր աշխատանք:
– Կայ նաեւ կիրակնօրեայ դպրոցը, ուր կրօնական դաստիարակութեան մէջ կը մտնեն հայ եկեղեցւոյ տօներու, ծիսակարգերու, շարականներու, տաղերու եւ աղօթքներու ուսուցումը:
– Երկրորդական վարժարաններու բարձր կարգերուն մէջ մինչեւ 1960-ական թուականները կար գրաբարի ուսուցման դասապահ: Հետեւողական չէ եղած: Ազգային վարժարաններու 10-11-րդ կարգերուն կրօնագիտութեան առընթեր կը տրուի նաեւ հայ մատենագրութիւն դասը, ուր դպրոցականները յաւելեալ ճաշակ մը կը ստանան գրաբար ընթերցումներէ:
– Կայ նաեւ կիրակնօրեայ դպրոցը, ուր կրօնական դաստիարակութեան մէջ կը մտնեն հայ եկեղեցւոյ տօներու, ծիսակարգերու, շարականներու, տաղերու եւ աղօթքներու ուսուցումը: Այս շատ կարեւոր հաստատութիւնը Սահակ Բ. կաթողիկոսի հրամանով կը հաստատուի 1930-ին: Առաջին դպրոցը կ՛իրագործուի առաջնորդ Արտաւազդ սրբազանի կողմէ՝ Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ: Կամաց-կամաց կիրակնօրեայ դպրոցներ կ՛ունենան Սուրիոյ գրեթէ բոլոր եկեղեցիները: Երիտասարդներ պայքար կը բանան Կիրակնօրեայ դպրոցներուն դէմ, թռուցիկներ կը բաժնեն քաղաքին մէջ դատապարտելով ազգային իշխանութիւններն ու հայ հոգեւոր դասը բողոքականութեան հետեւելու մէջ: «Եփրատ» օրաթերթը պատասխանելով այդ հոսանքին՝ կը գրէ. «Կրնայ ըլլալ, որ դրութիւնը բողոքականական է, բայց ձեռնարկի ոգին մաքուր եւ ազգաշէն է: … Ուրեմն ճշմարիտ դատաստան մըն է ըսել, որ ուրիշ ոչ ոք աւելի մեծ ծառայութիւն կրնայ մատուցանել բողոքականութեան, որքան լուսաւոր, լուսաւորչական եկեղեցւոյ հովանիին տակ կիրակնօրեայ դպրոցներուն հակառակող մը» (Խմբագրական – Կիրակնօրեայ դպրոցներու շուրջ, Եփրատ, 29 Մարտ 1930, թիւ 276, էջ 1:):
– Հայ կաթողիկէ եկեղեցին եւ անոր կիրակնօրեայ դպրոցը գրաբարին նոյնը դերը վերապահած են:
– Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ արարողակարգը կը կատարուի աշխարհաբարով: Համայնքին զաւակները գրաբարին կը ծանօթանան միայն հայոց պատմութեան եւ ընթերցանութեան դասագիրքերուն մէջ տեղ գտած հատուածներով: 1950-ականներէն ետք եկեղեցին ընդունած է Տէրունական աղօթքի գրաբար տարբերակը. շարք մը շարականներ ու տաղեր տեղ գտած են Հոգեւոր երգարանին մէջ:
————————————————————————–