ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ – ՀԱԼԷՊ
Արեւմտահայերէնի մեր քերականութեան մէջ կան որոշ ու յստակ օրէնքներ, որոնք 120-130 տարիէ իվեր դասագիրքերու մէջ տեղ գտնելով կամ շարունակ ուսուցանուելով հանդերձ՝ չեն իւրացուած, չեն «մարսուած»…: Լայն շրջանակներու համար (ներառեալ՝ հայ թերթերու խմբագիրներ)՝ այդ օրէնքները կը մնան անծանօթ, անմատչելի:
Միջինարեւելեան հայերէն դարահասակ օրաթերթի մը վերջին թիւին մէջ, Ա. էջի վրայ, զարմանքով կարդացի.
— Վարչապետ Ն. Փաշինեան նախկին իշխանութիւններուն կը մեղադրէ ստեղծուած իրավիճակին համար…:
Չեղա՜ւ, սիրելի՛ հայ խմբագիր:
Ո՞ւր է սխալը:
«Մեղադրել» բայը ներգործական է, այսինքն՝ նախադասութեան մէջ անպայման կը պահանջէ ուղիղ խնդիր մը, որ ԴՐՈՒԱԾ ՊԷՏՔ Է ԸԼԼԱՅ ՀԱՅՑԱԿԱՆ ՀՈԼՈՎՈՎ:
Վերի նախադասութեան ուղիղ խնդիրը «իշխանութիւններ» յոգնակի գոյականն է: Մեղադրելու գործողութիւնը կը կատարուի «իշխանութիւններ»-ուն վրայ: Բայց ահա՛ կը տեսնէք որ այս բառը (ուղիղ խնդիրը) դրուած է… ՏՐԱԿԱՆ հոլովով, ինչ որ սխալ է: Ուրեմն պարտինք գրել սա՛պէս.
— Վարչապետ Ն. Փաշինեան նախկին իշխանութիւնՆԵՐԸ կը մեղադրէ ստեղծուած իրավիճակին համար…:
*
Նոյն թերթին միեւնոյն սիւնակին մէջ, երկու տող վար, կը կարդամ.
— Իշխանական պատգամաւորներէն շատեր ալ կը մեղադրեն Դաշնակցութեան՝ ըսելով, թէ ա՛ն է որ 20-ական թուականներուն ստորագրած էր անձնատուական փաստաթուղթ մը:
Նո՜յն անսրբագրելի սխալը:
Ճիշդը՝ սա՛պէս.
— Իշխանական պատգամաւորներէն շատեր ալ կը մեղադրեն ԴաշնակցուԹԻՒՆԸ՝ ըսելով, թէ ա՛ն է որ 20-ական թուականներուն ստորագրած էր անձնատուական փաստաթուղթ մը:
Այլ խօսքով՝ մեղադրել ՄԷԿԸ, այլ ո՛չ թէ մեղադրել ՄԷԿՈՒՆ:
*
Դարձեալ միեւնոյն թերթին մէջ, ուրիշ էջի մը վրայ, կայ հաղորդագրութիւն մը՝ նոյն քաղաքի Ազգ. առաջնորդարանէն: Հոն կը կարդամ. «…հոգեհանգստեան կարգը կը հանդիսապետէր Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Այսինչ Այսինչեան…»:
Կը տեսնէք՝ թէ ինչ խնամքով (ու ակնածանքով) գլխագրուած են հոգեւոր տեսուչին տիտղոսները….: Ըսելիք չունինք:
Պաշտօնական գրագրութիւններու մէջ մե՛նք ալ այդպէս պիտի նախընտրէինք գրել: Բայց… սխալը ա՛չք կը ծակէ:
«….հոգեհանգստեան ԿԱՐԳԸ կը հանդիսապետէր» չ՛ըսուիր, այլ՝ «հոգեհանգստեան ԿԱՐԳԻՆ կը հանդիսապետէր», որովհետեւ (մեր հէ՜ք խմբագիրին չար բախտէն…) այստեղ գործածուած բայը՝ «հանդիսապետել»-ը, ներգործական չէ, այլ ՉԷԶՈՔ բայ է, եւ ուստի՝ կ՛առնէ ՏՐԱԿԱՆ ՀՈԼՈՎ խնդիր մը…: Հանդիսապետել ԲԱՆԻ մը, այլ ո՛չ թէ «հանդիսապետել ԲԱՆ մը»…:
Բայց այս բոլորը ո՞վ պիտի բացատրէ, ո՞վ պիտի լսէ, մա՛նաւանդ՝ ո՞վ պիտի կիրարկէ…