Նախկին նախարար Եաագուպ Սարրաֆ «Դիմատետր»-ի իր էջով կատարեց գրառում մը, որուն մէջ խստիւ դատապարտեց Հայաստանի վրայ Ազրպէյճանի սանձազերծած յարձակումը:
«Կտրականապէս կը դատապարտեմ 12 յուլիսին Ազրպէյճանի զինեալ ուժերուն կողմէ Հայաստանի վրայ գործուած ռազմական յարձակումը: Շատ մտահոգիչ է, որ այդ ռազմական գործողութիւններէն ետք Ազրպէյճան սպառնացած է Հայաստանի Մեծամօրի հիւլէական կայանը ռմբակոծել: Նման միջուկային սպառնալիքները անպատասխանատու են եւ պէտք է արժանանան Միջազգային հանրութեան դատապարտումին», ըսաւ Սարրաֆ:
Ան նշեց, որ պատահական չէ այն իրողութիւնը, թէ Ազրպէյճանին շղթայազերծած այդ անպատասխանատու գործողութիւններուն դրդած միակ երկիրը Թուրքիան էր: «Տարածաշրջանին մէջ Թուրքիոյ դերակատարութիւնը ապակայունացնող է, իսկ Հիւսիսային Ափրիկէէն մինչեւ Մերձաւոր Արեւելք եւ Հարաւային Կովկասէն մինչեւ Արեւելեան Միջերկրականի խաղաղ ժողովուրդներուն նկատմամբ Թուրքիա թշնամական վերաբերմունք կը ցուցաբերէ», շեշտեց ան:
Սարրաֆ ընդգծեց, որ իրենք դարերէ ի վեր կը ճանչնան Հայաստանն ու հայերը: «Մենք ծանօթ ենք Միջին Արեւելքի պատմութեան մէջ հայ ժողովուրդին քաղաքակրթական դերակատարութեան: Մենք զանոնք կը ճանչնանք իբրեւ Լիբանանի նուիրուած քաղաքացիներ, որոնք ունին ազգային եւ տարածաշրջանային ինքնութեան հզօր զգացումներ: Լաւ գիտենք անվտանգութեան նկատմամբ անոնց զգայուն վերաբերմունքին մասին եւ ականատես եղած ենք այն իրականութեան, որ հայոց ազգային օրակարգին սպառնացող բոլոր վտանգներուն եւ մարտահրաւէրներուն յաղթահարելու ջանքերուն մէջ անոնք միասնական են: Մենք հայ ժողովուրդին նեցուկ կը կանգնինք», հաստատեց Սարրաֆ: