ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս»․- Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ Պաքուի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումէն ետք, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի գործունէութիւնը կը շարունակէ անհրաժեշտ մնալ յատկապէս մարդասիրական հարցերու լուծման շուրջ համագործակցութեան եւ Արցախի հակամարտութեան կողմերուն միջեւ վստահութեան մթնոլորտ ստեղծելու ջանքերը յառաջ մղելու համար։
Անդրադառնալով Արցախի մէջ իրավիճակի կարգաւորման՝ Լաւրով Պաքուի մէջ ըսաւ. «Իրավիճակի ապագայ կարգաւորման բանալին է՝ Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն միջեւ գոյացած համաձայնութիւններուն ամբողջ ծաւալով հետեւիլը»՝ աւելցնելով. «Փոխադրամիջոցներու ապաշրջափակումը Անդրկովկասի պետութիւններուն եւ անոնց դրացինեերուն հնարաւորութիւն պիտի ընձեռէ՝ միանալու տարանցիկ փոխադրումներու միասնական տարածքի մը»։
Լաւրով շեշտեց, որ մարդասիրական հարցերը կ՛ընդգրկեն թէ՛ գերիներու եւ զոհերու մարմիններու վերադարձը եւ թէ ականապատուած տարածքներու քարտէսներու տրամադրումը։
Իր կարգին, Ճէյհուն Պայրամով յայտարարեց, որ կարելի է խօսիլ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման մասին։ «Մենք քայլերու կը ձեռնարկենք այս ուղղութեամբ, ապագային ալ պիտի շարունակենք քայլեր առնել։ Ինչ կը վերաբերի Ատրպէյճանի մէջ ապրող հայերուն՝ պատրաստ ենք կատարել անոնց վերաբերեալ պարտականութիւնները, ամէն ինչ ընել անոնց քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային համարկման համար», յայտնեց ան։
Պայրամով նշեց, որ բարձր կը գնահատէ Ռուսիոյ դերը՝ եռակողմանի համաձայնագիրի իրագործման ուղղութեամբ։
Ան անդրադարձաւ նաեւ ներկայիս «Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ զինուորականներ»ուն վերաբերեալ հարցերուն եւ պնդեց, որ անոնց նկատմամբ վերաբերմունքը կը համապատասխանէ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի չափանիշներուն։