Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

ԵԱՀԿի Մինսքի Խումբի Ռուս Նորանշանակ Համանախագահը Այցելեց Հայաստան

September 8, 2021
in Mobile Home, Newsletter, Զանազանք
0
ԵԱՀԿի Մինսքի Խումբի Ռուս Նորանշանակ Համանախագահը Այցելեց Հայաստան

ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- ԵԱՀԿի Մինսք խումբի ռուս նորանշանակ համանախագահ Իկոր Խովայեւ 6 Սեպտեմբերին, Հայաստանի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանին, ինչպէս նաեւ Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանին հետ։

Իկոր Խովաեւի՝ Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպումին ընթացքին քննարկեցուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման ուղիները` ընդգծելով Մինսքի խումբի համանախագահութեան գործունէութեան կարեւորութիւնը:

Արարատ Միրզոյեանի հետ տեսակցութեան ընթացքին լուսարձակի տակ առնուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման վերաբերող հարցերու լայն շրջանակ մը. ընդգծուեցաւ ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահութեան հովանիին տակ խաղաղ գործընթացի վերսկսման կարեւորութիւնը:

Միրզոյեան հայկական կողմին աջակցութիւնը յայտնեց 44օրեայ պատերազմէն ետք ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահութեան միացեալ յայտարարութիւններուն, որոնց մէջ կ՛ընդգծուի հանրայայտ սկզբունքներուն եւ տարրերու հիման վրայ հակամարտութեան տեւական ու կայուն լուծման անհրաժեշտութիւնը:

Արարատ Միրզոյեան շեշտեց մարդասիրական առաջնահերթ հարցերու հասցէագրման հրատապութիւնը` նշելով Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներու եւ քաղաքացի պատանդներու շուտափոյթ եւ անվերապահ հայրենադարձման անհրաժեշտութիւնը:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան եւս Երեւանի մէջ հանդիպում ունեցաւ Իկոր Խովայեւի հետ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Ղարաբաղի տագնապին վերաբերող զանազան հարցեր, ինչպէս նաեւ շեշտուեցաւ համանախագահներուն` յառաջիկային տարածաշրջան կատարելիք այցելութեան կարեւորութիւնը: Խաղաղութեան եւ կայունութեան պահպանման առումով նախագահ Յարութիւնեան առանձնայատուկ կարեւոր նկատեց տարածաշրջանին մէջ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի առաքելութիւնը:

Արցախի ղեկավարը ընդգծեց, որ Արցախ կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի ձեւաչափով բանակցային գործընթացը շարունակելու յանձնառութեան: Հանդիպման մասնակցեցան նաեւ Արցախի արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան եւ պաշտօնատար այլ անձեր:

7 Սեպտեմբերին, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեանի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հանդիպումը:

Քննարկուեցան արտաքին քաղաքականութեան ոլորտին մէջ երկու հայկական պետութիւններուն համագործակցութեան, տարածաշրջանային գործընթացներուն ու արցախեան հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերող հարցեր:

Երկուստեք կարեւոր նկատեցին փոխգործակցութեան շարունակական ընդլայնումը եւ խորացումը, հայկական երկու հանրապետութիւններուն արտաքին գերատեսչութիւններու համագործակցութեան բարձր մակարդակի պահպանումը եւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերու շուրջ պարբերաբար քննարկումներու կազմակերպումը:

Previous Post

Lessons for the Evacuation of Afghanistan

Next Post

The Attack on Healthcare as a Human Right

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.