ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ԵԱՀԿը Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին մէջ դրական տեղաշարժերու յոյս ունի, 22 Փետրուարին Վիեննայի մէջ ընթացող ԵԱՀԿի խորհրդարանական վեհաժողովի ձմեռնային նստաշրջանին ընթացքին յայտարարեց ԵԱՀԿի հակամարտութիւններու կանխարգիլման կեդրոնի քաղաքականութեան աջակցութեան ծառայութեան տնօրէնի տեղակալ Չարլզ Լոնզտէյլ, որ եղած է Հայաստանի մօտ Բրիտանիոյ նախկին դեսպանը (2008-2012):
«Մենք մեծ հետաքրքրութեամբ կը հետեւինք ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի միջնորդական ջանքերով Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացի զարգացումներուն՝ վերջին շրջանին նաեւ դրական տեղաշարժի յոյսով, որ պայմանաւորուած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ու նախագահ Իլհամ Ալիեւի պարբերական դարձած ոչ պաշտօնական հանդիպումներով», ըսաւ ան:
Ընդգծելով ժողովուրդները խաղաղութեան նախապատրաստելու կողմերու յանձնառութիւնը՝ ան աջակցելու պատրաստակամութիւն յայտնեց, եթէ կողմերը նման հետաքրքրութիւն ցուցաբերեն։