ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները` Էնտրիւ Շոֆըր (Միացեալ Նահանգներ), Իկոր Խովայեւ (Ռուսիա) եւ Պրիս Ռոքֆոյ (Ֆրանսա) 4 դեկտեմբերին յայտարարութիւն տարածած են Սթոքհոլմի մէջ ԵԱՀԿ-ի նախարարական տարեկան հաւաքի շրջագիծին մէջ 1 դեկտեմբերին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ 2 դեկտեմբերին Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ առանձին-առանձին հանդիպումներու արդիւնքներուն մասին:
Համանախագահները ափսոսանք յայտնած են, որ կարելի չէ եղած կազմակերպել Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու միացեալ հանդիպում Սթոքհոլմի մէջ` իրենց հովանիին ներքեւ: Անոնք պատրաստակամութիւն յայտնած են այդպիսի հանդիպում կազմակերպելու, երբ հանգամանքները թոյլ տան շարունակելու քննարկումները, որոնք մեկնարկած էին Նիւ Եորքի մէջ` սեպտեմբերին, եւ Փարիզի մէջ` նոյեմբերին: Համանախագահները յոյս յայտնած են, որ այդ կարելիութիւնը շուտ կ՛ընձեռուի:
Համանախագահները հանդիպած են նաեւ 2022 թուականէն ԵԱՀԿ-ի նախագահութիւնը ստանձնել պատրաստուող երկրի` Լեհաստանի արտաքին գործոց նախարար Զպիկնեւ Ռաուին հետ:
ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքը եւս մասնակցած է հանդիպումներուն: