ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ, Ալպանիայի վարչապետ եւ արտաքին գործոց նախարար Էտի Ալպա Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան բանակցութիւնները ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի շրջանակին մէջ շարունակելու կոչ մը ըրաւ:
« Ես ուրախ եմ, որ ռազմական գործողութիւնները դադրած են: Ժամանակն է կատարել համապատասխան պարտաւորութիւնները: Ամբողջական աջակցութիւն կը յայտնեմ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի հովանիին տակ բանակցային գործընթացը վերսկսելու նախաձեռնութիւններուն:Առարկայական բանակցութիւնները պէտք է շարունակուին».նշեց Ալպա:
Այաօր՝ հինգշաբթի, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան մասնակեցաւ ԵԱՀԿ արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի 27-րդ նիստին: