ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ԵԱՀԿ-ի նախագահ, Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարար Անճելինօ Ալֆանօ 1 Փետրուարին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ պիտի ունենայ հանդիպում մը, որուն ընթացքին, այլ հարցերու կողքին, պիտի քննարկէ նաեւ Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման առնչուող հարցեր:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Մարիա Զախարովա իր շաբաթական ասուլիսին ընթացքին յայտնեց, որ Ալֆանօ 1 Փետրուարին աշխատանքային այցելութեամբ պիտի ժամանէ Մոսկուա:
«Հանդիպման ընթացքին հիմնական ուշադրութիւնը պիտի կեդրոնանայ 2018-ի աշխատանքային ծրագիրին վրայ: Քննարկուելիք օրակարգին վրայ են ԵԱՀԿ-ի դերը համաեւրոպական մարտահրաւէրներու արձագանգման գծով, անվտանգութեան հարցեր, ինչպէս նաեւ փոխվստահութեան վերականգնման, ահաբեկչութեան դէմ պայքարին առնչուող հարցեր: Կը նախատեսուի նաեւ քննարկել մասնաւորապէս Ուքրանիոյ, Մերձտնեստրի եւ Հարաւային Կովկասի հակամարտութիւններու կարգաւորման հարցերը», ըսաւ Զախարովա: