Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տըրիան հաղորդակցութեան մէջ մտնելէ ետք Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ, յայտարարեց, թէ ԵԱՀԿ-ի Մինսկի խումբը մտադիր է հասնելու Լեռնային Ղարաբաղի ռազմական գործողութիւնները դադրեցնելու եւ առանց նախապայմաններու բանակցութիւնները շուտափոյթ վերսկսելու համաձայնութեան:
Ֆրանսացի նախարարը յայտնեց, թէ ռազմական գործողութիւններուն շարունակութիւնը պիտի աւելցնէ զոհերուն թիւը եւ կրնայ դուրս գալ Հայաստանի եւ Ազրպէճանի վերահսկողութենէն:
Վերադառնալով Ստեփանակերտի ռմբակոծութեան, Արցախի փրկարար ծառայութիւնը յայտարարեց, թէ Ստեփանակերտի վրայ կատարուած ռմբակոծումէն վիրաւորուած են տասը քաղաքացիներ:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Աննա Նաղտալեան խստօրէն դատապարտեց Արցախի խաղաղ բնակչութեան եւ բնակելու վայրերու վրայ ազերիական յարձակումները:
Ռազմական գետնի վրայ, այսօր՝ Ուրբաթ կէսօրէ ետք, Արցախի պաշտպանութեան բանակը ջախջախած է ազերի թշնամիի հինգ ինքնաթիռ եւ երեք ուղղաթիռ: