ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».- ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահները՝ Սթեֆան Վիսքոնտի (Ֆրանսա), Էնտրիւ Շոֆըր (Միացեալ Նահանգներ), Իկոր Խովաեւ (Ռուսիա) հրապարակեցին յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կը յայտնեն, թէ 7-8 Հոկտեմբերին Ժընեւի մէջ համանախագահները խորհրդակցութիւններ ունեցան ՄԱԿի Գաղթականներու հարցերու գերագոյն յանձնակատար Ֆիլիփօ Կրանտիի եւ Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի (ԿԽՄԿ) փոխնախագահ Ժիլ Քարպոնյէի հետ:
Հանդիպումներուն մասնակցեցաւ նաեւ ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիք: Խորհրդակցութիւններուն բոլոր մասնակցողները ընդգծեցին միջազգային մարդասիրական կազմակերպութիւններուն կողմէ իրենց աշխատանքները իրականացնելու ամբողջական եւ անարգել մուտքի կարեւորութիւնը:
ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովի ծիրին մէջ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու վերջին կառուցողական հանդիպման լոյսին տակ, համանախագահները ողջունեցին Ատրպէյճանի կողմէ հայ զինուորի մը ազատ արձակումը, ինչպէս նաեւ քննարկեցին հաւանական լարուածութեան մեղմացումը եւ մարդասիրական քայլերը, որոնց կարգին՝ ձերբակալուածներու, անհետ կորսուածներու եւ բոլոր տեղահանուածներու կամաւոր վերադարձին վերաբերեալ:
Համանախագահները ընդգծեցին կողմերուն հետ համաձայնութեան ոլորտներ գտնելու ուղղութեամբ աշխատանքը շարունակելու մտադրութիւնը:
Համանախագահները դրական նկատեցին նախագահ Ալիեւի եւ վարչապետ Փաշինեանի հրապարակային յայտարարութիւնները, որոնք սկզբունքային պատրաստակամութիւն կը յայտնեն իրարու հետ հանդիպում ունենալու՝ համանախագահներու հովանիին տակ:
Համանախագահները անհամբեր կը սպասեն կողմերուն հետ նման հանդիպման պայմաններու եւ մանրամասնութիւններու քննարկումը՝ վերահաստատելով իրենց պատրաստակամութիւնը մօտիկ ապագային այցելելու տարածաշրջանը` քննարկելու համար այս գործընթացի հետագայ քայլերը։