Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը կարծէ, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահութեան՝ միջազգայնօրէն համաձայնեցուած ձեւաչափը անցած տարիներուն բաւական յաջող գործած է տարածաշրջանին մէջ յարաբերական կայունութեան նպաստելու տրամաբանութեան առումով: Armenpress.am-ի տեղեկութիւններով՝ ՀՀ վարչապետը նման կարծիք յայտնեց Պեռլինի մէջ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլի հետ հանդիպումէն ետք կայացած մամուլի ասուլիսին ընթացքին:
«Ինչ կը վերաբերի բուն կարգաւորման, կը կարծեմ՝ համանախագահող երկիրները, նաեւ՝ միջազգային հանրութիւնը յստակ արձանագրած են, որ խնդիրին լուծումը նոյնինքն հակամարտութեան մէջ ներգրաւուած երեք կողմերու օրակարգի հարցն է, եւ միջազգային հանրութիւնը չի կրնար երեք կողմերուն փոխարէն լուծել հակամարտութիւնը, այլ ընդամէնը կրնայ որոշ հարթակ ստեղծել խօսակցութեան, բանակցութեան համար։ Կը կարծեմ, որ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահութիւնը յաջողած է նոյնինքն այդ հարթակը ստեղծելու առումով»,- ըսաւ ՀՀ վարչապետը: