Հ.Բ.Ը.Մ-Հ.Ե.Ը «Անդրանիկ»Մշակութային Միութիւն
Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման հանդիսութիւններու ծիրին մէջ, Հայոց Ցեղասպանութեան Լիբանանի Կեդրոնական Մարմինի հովանաւորութեամբ եւ Հ.Բ.Ը.Մ-Հ.Ե.Ը «Անդրանիկ» մշակութային միութեան նախաձեռնութեամբ, Ուրբաթ, 20 Մարտ 2015, երեկոյեան ժամը 8.30-ին, Հ.Բ.Ը.Մ-ի Տեմիրճեան կեդրոնին մէջ, եգիպտացի ծանօթ պատմաբան դոկտ. Մուհամմէտ Ռիֆաաթ Իմամ՝ եգիպտական եւ թրքական աղբիւրներու լոյսին տակ ներկայացուց Հայոց ցեղասպանութեան ծրագրաւորումը եւ գործադրութիւնը, ինչպէս նաեւ արաբական աշխարհի մէջ օսմանեան բռնատիրութեան վայրագութիւնները:
Լիբանանեան խորհդարանի անդամներ Շանթ Չինչինեանի, Յակոբ Բագրատունիի, Լիբանանի մօտ Եգիպտոսի դեսպանատան կցորդ Նատէր Զաքիի, Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպանատան կցորդ Դաւիթ Միրզախանեանի, Հ.Բ.Ը.Մ-ի Լիբանանի շրջանակային յանձնաժողովի ատենադպիր եւ կրթական յանձնախումբի ատենապետ տիկին Սիլվա Լիպարիտեանի, Հայոց Ցեղասպանութեան Լիբանանի Կեդրոնական Մարմնի ատենապետուհի տիկին Սեդա Խըտշեանի եւ անդամներու, «Արցախ Ռուց Ինվեսթմընց» ընկերութեան ատենապետ Մելքոն Յակոբեան եւ անդամներու, Հ.Ե.Ը-ի կեդրոնական վարչութեան ատենապետ տիար Վիգէն Չերչեանի եւ անդամներու, մտաւորականներու, կրթական մշակներու, հայորդիներու ընտրանիի մը ներկայութեան, Լիբանանի, Հայաստանի, Հ.Բ.Ը.Մ-ի եւ Հ.Ե.Ը-ի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, Արին Ղազարեան արաբերէն լեզուով բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ յատկապէս օրուան հիւրին՝ Եգիպտոսէն հրաւիրուած, պատմաբան, դասախօս, Հ.Բ.Ը.Մ-ի «Արեգ» ամսաթերթի արաբական բաժնի խմբագիր դոկտ. Մուհամմէտ Ռիֆաաթ Իմամին:
Պետական երեսփոխան Շանթ Չինչինեան՝ (արաբերէն լեզուով)ամփոփ տողերումէջ կատարեց պատմաբան դոկտ. Մուհամմէտ Ռիֆաաթ Իմամ մտաւորական, պատմաբանին հեղինակութեամբ լոյս տեսած գիրքերուն, ուսումնասիրութիւններուն արժեւորումը: Գահիրէի, Տամանհորի համալսարանի ժամանակակից պատմութեան փրոֆեսոր Դոկտ. Մուհամմէտ Ռիֆաաթ Իմամ ծնած է 1966-ին: Ան միաժամանակ պսակուած է իմաստասիրութեան եւ գրականութեան մագիստրոսի կոչումներով: Տասնեակէ աւելի գիրքերու հեղինակ, դոկտ. Մուհամմէտ Ռիֆաաթ Իմամի գիրքերուն եւ ուսումնասիրութիւններուն առանցքը եղած է հայ ժողովուրդին դէմ կազմակերպուած եւ գործադրուած ցեղասպանութիւնը, հայ-արաբական եւ հայ- եգիպտական փոխյարաբերութիւնները: « Հայկական հարցը չի մահանար, որովհետեւ Իրաւունքը չի մահանար» ըսաւ ան, աւելցնելով , թէ բռնութիւնը անզօր պիտի ըլլայ ժխտումի դէմ հայ ժողովուրդին պայքարը: Տիար Շանթ Չինչինեան ընդգծեց,թէ հայ ժողովուրդը ցեղասպանէն կը պահանջէ ճշմարտութեան բացայայտումը: Այս առիթով, Շանթ Չինչինեան ողջունեց այն պետութիւնները, միջազգային կազմակերպութիւնները, այն բարեխիղճ մտաւորականները, որոնք ոչ միայն ճանչցած են քսաներորդ դարու Առաջին Ցեղասպանութիւնը, այլեւ ճանաչում եւ հատուցում կը պահանջեն յանցագործէն:
Լիբանանահայ գաղութի սիրուած երգիչ Գէորգ Պեպեճեան, դաշնամուրի վրայ Ժաննա Սահակեանի ընկերակցութեամբ, թովիչ ձայնով կատարեց «Հայաստան» եւ « Յուշարձաններ » երգերը:
Ապա բեմ բարձրացաւ օրուան բանախօս դոկտ. Մուհամմէտ Ռիֆաաթ Իմամը: Յարգելի բանախօսը, շնորհակալութիւն յայտնեց Հ.Բ.Ը.Մ-ի «Անդրանիկ» մշակութային միութեան, սոյն ձեռնարկը յղանալու եւ կազմակերպելու առիթով: Ապա ան յայտնեց, թէ բանախօսութիւնը բաժնած է երկու հիմնամասերու. Առաջինը՝ մինչեւ ցեղասպանութիւնը, հայկական հարցին զարգացումը եւ թեւակոխած հանգրուանները: Երկրորդը՝ Միջին Արեւելքի արաբական պետութիւնները եւ Թուրքիան՝ Համաշխարհային Առաջին պատերազմի ժամանակաշրջանին:
Դոկտ. Մուհամմէտ Ռիֆաաթ Իմամ շեշտեց, թէ իր տուեալներուն համար օգտագործած է եգիպտական եւ թրքական աղբիւրներ: Ըստ ծանօթ պատմաբանին, հայկական հարցը բոլորած է երեք կարեւոր հանգրուաններ: Սուլթան Ապտիւլ Համիտի (1876-1908) ժամանակաշրջանը, ուր «Կարմիր Սուլթանը» մերժած է տնտեսական եւ իրաւական բարեկարգութիւններ կատարելու հայերու պահանջը: Այս պատճառով, հայերը դիմած են Ռուսիոյ օժանդակութեան, որմէ ետք,Սան Սթեֆանոյի եւ Պերլինի ծանօթ բանաձեւերուն շնորհիւ հայկական հարցը դուրս կու գայ Թուրքիոյ մէջ «տեղական» հարց ներկայացուելու բնոյթէն եւ կը դառնայ միջազգային դիւանագիտութեան խաղաթուղթ: Երկրորդ հանգրուանը՝ Իթթիհատ Վէ Թերաքի Կուսակցութեան ժամանակաշրջանը( 1909-1918), որուն անդամներէն յատկապէս՝ Թալեաթ, Էնվեր եւ Ճեմալ կազմակերպեցին եւ գործադրեցին Հայոց Ցեղասպանութիւնը, իրենց հայրենի օճախներէն բռնահանելով ու սպաննելով Արեւմտահայաստանի բնակչութիւնը: Երրորդ հանգրուանը՝ Քեմալական յեղաշրջումի ժամանակաշրջանը, ուր Մուսթաֆա Քեմալ շահագործելով արեւմտեան պետութիւններու միջեւ գոյութիւն ունեցող տարակարծութիւնները, Լոզանի դաշնագիրով յաջողեցաւ մոռացութեան մատնել հայ ժողովուրդին իրաւունքները:
Դասախօսութեան երկրորդ մասին մէջ, դոկտ. Մուհամմէտ Ռիֆաաթ Իմամ ընդգծեց, թէ Թուրքիոյ մասնակցութիւնը Առաջին Համաշխարհային պատերազմին ողբերգական հետեւանքներ ունեցաւ Միջին Արեւելքի արաբ ժողովուրդներուն համար: Հաշուի առնելով, Սուրիոյ, Լիբանանի, Իրաքի եւ Պաղեստինի ռազմավարական նշանակութիւնը, օսմանեան զօրագունդերը անմիջապէս իրենց հակակշիռին տակ վերցուցին վերոյիշեալ երկիրները, զանոնք օգտագործելով իբրեւ զինուորական խարիսխ: Այս միջոցին, թուրքերը իրենց ամբողջական իշխանութեան տակ վերցուցին տուեալ երկիրներու քաղաքական, վարչական բոլոր կառոյցները: Փաստօրէն, անոնք ենթակայ դարձան օսմանեան իշխանութեան հրահանգներուն: Լիբանանի պարագային, թուրքերը ջնջեցին գործող կառավարչական դրութիւնը: Պատմաբանը նշեց, թէ 1861-1915-ի միջեւ ինկած ժամանակաշրջանին, Լիբանանի մէջ նշանակուած ութ կառավարիչներէն չորսը , իրենց արմատներով հայեր էին:
Դոկտ. Մուհամմէտ Ռիֆաաթ Իմամ ցաւով յայտնեց, թէ թրքական լուծին հետեւանքով, ը տնտեսական եւ ընկերային ծանր պայմաններու մատնուեցան Լիբանանի, Սուրիոյ, Իրաքի եւ Պաղեստինի ժողովուրդները: Սովն ու համճարակը դարձան տիրական…: Աւելի քան հարիւր հազար լիբանանցիներ դարձան սովամահ կամ՝ համաճարակի զոհ: Տասնեակ հազարաւորներ մահացան Սուրիոյ, Պաղեստինի եւ Իրաքի մէջ: Տիրող կացութիւնը բուռն ընդվզում յառաջացուց տուեալ երկիրներու ժողովուրդներուն մօտ: Պատմաբանը ըսաւ, թէ օսմանեան իշխանութիւնները, յատկապէս՝ արիւնարբու Ճեմալ Փաշան դաժան հաշուեյարդարի ենթարկեցին բողոքի արտայայտութիւնները՝ կախաղաններու վրայ պատժելով անոնց պարագլուխները, մտաւորականութիւնը եւ անխնայ կոտորեցին անմեղ քաղաքացիները: Իրենց վայրագութիւններով, թուրքերը ոչ միայն կը ձգտէին լռեցնել ընդդիմութեան ձայնը,այլ՝ արեան մէջ խեղդել ինքնուրոյնութիւն ձեռք բերելու արաբ ժողովուրդներու իրաւունքները: Պատմաբանը ընդգծեց, թէ աւելի քան ութ հարիւր մտաւորականներ կախաղան բարձրացան, պարզապէս ջնջելու ազատութեան եւ անկախութեան գաղափարները:
Այստեղ բանախօսը ցաւալի զուգահեռ մը կատարեց հայ եւ արաբ ժողովուրդներուն միջեւ, նշելով, թէ հայերը Արեւմտահայաստանէն կը տարագրուէին արաբական հողերու ուղղութեամբ, արաբները՝ Անատոլիայի խորերը:
Յարգելի բանախօսը շեշտեց, թէ Թրքական բռնատիրութիւնը միաժամանակ արեան մէջ փորձած էր խեղդել հայ եւ արաբ ժողովուրդներու անկախութեան ձգտումները: Շահեկան բանախօսութեան աւարտին, դոկտ. Մուհամմէտ Ռիֆաաթ նշեց, թէ թուրքերը, ոչ միայն հայ եւ արաբ ժողովուրդներու յիշողութեան մէջ,այլ՝ համայն մարդկութեան մէջ ստեղծեցին ժխտական եւ յոռի տպաւորութին, իսկ Ճեմալ Փաշայի, Թալեաթի, Էնվերի եւ անոնց մեղսակիցներուն անունները դարձան ոճրագործութեան խորհրդանիշ:
Արմէն Քիչիկ դաշնամուրի վրայ ապրումով կատարեց Առնօ Բաբաջանեանի « Էլեկիա» եւ Տիգրան Մանսուրեանի «Պոյեմ» կտորները:
Երեկոյի աւարտին, Հ.Ե.Ը-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ տիար Վիգէն Չերչեան յատուկ յուշանուէր մը յանձնեց պատմաբան դոկտ. Մուհամմէտ Ռիֆաաթ Իմամին: