Եգիպտոսի խորհրդարանի արաբական աշխարհի հարցերով զբաղող կոմիտէն Սուրիոյ եւ Իրաքի քիւրտերուն դէմ Թուրքիոյ գործողութիւնները բաղդատած է Հայոց ցեղասպանութեան հետ: Այս լուրը կը հաղորդէ «Էրմենիհապեր»:
«Զանգուածային այս նոր ոչնչացումները մեզի կը յիշեցնեն Համաշխարհային Ա. պատերազմին ընթացքին Թուրքիոյ մէջ հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուած կոտորածները», գրուած է յայտարարութեան մէջ:
Կոմիտէն շեշտած է նաեւ, որ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ Թուրքիոյ գործողութիւնները քիւրտերուն նկատմամբ խտրականութեան հիման վրայ կատարուած ցեղային զտումներ են:
Թուրքիոյ քայլերը որակուած են իբրեւ միջազգային իրաւունքի խախտում եւ ոտնձգութիւն այս 2 երկիրներու անկախութիւններուն նկատմամբ:
Յայտարարութեան մէջ մտահոգութիւն յայտնուած է այն մասին, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը ցարդ լուռ կը մնայ այս գծով: