ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Եւրասիական պետութիւններու խորհրդարաններու ղեկավարներու մասնակցութեամբ, Անթալիոյ մէջ կայացած համաժողովը պատճառ դարձաւ, որ դարձեալ օրակարգի վրայ դրուի այն հակամարտութիւնը, որ գոյութիւն ունի Թուրքիա, Ատրպէյճան եւ Հայաստան եռանկիւնին մէջ։ Համաժողովին Հայաստանի կողմէ կը մասնակցէր Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Եդուարդ Շարմազանով, որ, ի պատասխան Ատրպէյճանի խորհրդարանի նախագահ Օքթայ Ասատովի խօսքերուն, յայտարարութիւններ ըրաւ Արցախի կարգավիճակին եւ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ։ Անոր ելոյթին խստօրէն հակադարձեց Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Պինալի Եըլտըրըմ։
Ատրպէյճանի խորհրդարանի նախագահը իր ելոյթին մէջ կրկնեց, որ Ատրպէյճանի հողամասին 20 տոկոսը հայերուն կողմէ «բռնագրաւուած է», Հայաստանը հռչակելով իբրեւ նախայարձակ երկիր։
Իր կարգին, Շարմազանով պատասխանեց, որ թէ՛ Հայաստան եւ թէ Արցախ կողմնակից են այս հարցի խաղաղ կարգաւորման, պնդելով, որ հոն հասնելու համար Պաքու նախ պէտք է ճանչնայ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքին ամբողջական իրականացումը։ Ան իր ելոյթին մէջ անդրադարձաւ նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին։
Թրքական մամուլը 10 Հոկտեմբերին հաղորդեց, որ Եըլտըրըմ ըսաւ, որ Հայաստանի ներկայացուցիչը կարգ մը հարցեր մէջտեղ բերած է. հարցեր, զորս Թուրքիա չի կրնար ընդունիլ. «Եթէ Հայաստան իսկապէս կ՛ուզէ բարելաւել իր յարաբերութիւնները Թուրքիոյ հետ, այն ատեն պէտք է վերջ տայ Ցեղասպանութեան անիմաստ պնդումներուն եւ պատմութիւնը պէտք է ձգէ պատմաբաններու գնահատանքին», ըսաւ Եըլտըրըմ՝ աւելցնելով. «Հայաստան իր կատարած ընտրութիւններով ինքզինք կղզիացուցած է։ Հայաստան միայն խաղաղասէր քաղաքականութիւն մշակելով է, որ կրնայ իր նպաստը բերել տարածաշրջանի կայունութեան ու բարօրութեան»։