ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ
Ֆրանսայի նախագահներէն Ժագ Շիրաքի կինը` Պեռնատեթ Շիրաք, առիթով մը կենսափորձէ բխած պարզ եւ թափանցիկ խօսք ըսած է. «Մերձաւորին հանդէպ սիրոյ պակասը կը յանգեցնէ եսասիրական եւ յուսահատական ընկերութեան մը»:
Իրմէ առաջ հայ մեծ եւ դժբախտ բանաստեղծը` Եղիշէ Չարենց, բոլորին ծանօթ, բոլորին կողմէ թութակաբար կրկնուող խօսք ըսած էր. «Ո՛վ հայ ժողովուրդ, քո միակ փրկութիւնը քո հաւաքական ուժի մէջ է»: Կը կրկնենք, բայց չենք լսեր եւ լսուիր: Բեմի եւ խրախճանքի զարդ:
Ինչպէ՞ս լսել եւ լսուիլ, երբ հայկական մանրակերտ տիեզերքը, իր տեւաբար աճող կուսակցութիւններով, շարժումներով, մարգարէներով, ընկերային ցանցերով (սոցցանցեր) ժխոր կը ստեղծէ, եւ հրապարակի վրայ տեղ չի մնար ո՛չ իմաստութեան, ո՛չ իմաստունին, ո՛չ գաղափարին, ո՛չ ողջախոհութեան:
Երբ ամէն ոք կը խորհի, որ ինքն է ճշմարիտը եւ արդարը, կը հասնինք հոն, ուր ամէն ոք սխալ է, անարդար, անկողմնացոյց:
Հայ կեանքի մէջ, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), նոյն ճամբարին մաս կազմողներն ալ ունին այնքա՜ն տարբերութիւններ, որ ստիպուած կ՛ըլլան զիրար յօշոտելու: Այդ ճամբարները այնքա՜ն բազմաթիւ են: Երբ տարակարծիք էք, ինչ որ բնական է, կը գտնէք անբնական ելքը եւ կը ստեղծէք նոր ճամբար, որուն մէջ կրնաք հովահարել ձեր (չ)իմաստութիւնը եւ անձնատուր ըլլալ ինքնահիացման:
Թուաբանական հաշիւ մը ըրէ՛ք. բազմապատկեցէ՛ք յօշոտողները եւ յօշոտուողները տեւաբար աճող ճամբարներու թիւով, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը յաւակնի գտած ըլլալ տիեզերական ճշմարտութեան բանալին, որ կը յայտնուի հերձեան ալիքներով, Կիւթենպերկի միգամածով եւ համացանցի եթերով: Հարցուցէ՛ք դուք ձեզի եւ դրացի նպարավաճառին, թէ ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ քաղաքացիական կռիւը:
Եթէ ազգի փրկութեան համար այսքա՜ն մեծ թիւով բանալիներ կան, ինչո՞ւ մեր հարցերը թնճուկ կ՛ըլլան, չեն լուծուիր, եւ ազգը կը խրի անվաղորդայն համաշխարհայնացման գորշութեան մէջ, հպարտութեամբ պոռալու, որ մենք համաշխարհային ազգ ենք: Հասցէ մը ունի՞ համաշխարհային ազգը. պետութիւն մը, մշակոյթ մը, քաղաքականութիւն մը, ներկայութիւն մը:
Եթէ այսքան բազմաթիւ եւ հակասական ճշմարտութիւններ կան մեր կեանքին մէջ, ինչպէ՞ս եւ ո՞ւր կարելի կ՛ըլլայ գլխագրուած Ճշմարտութեան հանդիպիլ:
Ֆրանսայի նախագահին կինը սիրոյ եւ համերաշխութեան կրօնական քարոզիչ չէր, ես ալ իր հետեւորդը չեմ: Բայց չեմ կրնար չմտածել իրեն պէս, որ` «Մերձաւորին հանդէպ սիրոյ պակասը կը յանգեցնէ եսասիրական եւ յուսահատական ընկերութեան մը»: Իրմէ առաջ ֆրանսացի մեծ գրող Անտրէ Ժիտ ըսած էր, որ` «Այս երկրին մեծագոյն կարիքը սէրն է ու վստահութիւնը»:
Մեծ քաղաքի մը հայաշատ արուարձանի սրճարանը մտէք, մանրանկար սփիւռք, որուն վրայ գումարուած են ամենագէտ արտագաղթողները, եւ ականջ տուէք Հայաստանի փրկութեան ուղի ճշդող կարծիքներու: Այս` սփիւռքի պարագային: Բացէ՛ք Հայաստանի թերթերը, ներսը եւ դուրսը, արբանեակային հրաշքով մոլորակի վրայ տարտղնուած հայերը կը դիտեն եւ կը լսեն Հայաստանի հեռատեսիլը, կը լուսաբանուի՞ն… Հայաշատ արուարձանի սրճարանի նոյն կարծիքները` աւելի բանիմացներու կողմէ հոլովուող:
Ինչպէս սովորութիւն դարձած է ըսել, Հայաստանի երկրորդ եւ երրորդ նախագահները պիտի դատուին: Թերեւս առաջինն ալ կը դատուի, քանի որ գաղտնազերծուած օտար երկիրներու վաւերագրութիւններ կան, որոնք պիտի մեկնաբանուին` կրկին առիթ ընծայելով թեր եւ դէմ կարծիքներու, կիրքերու: Ո՞վ չի գիտեր, որ, մեղմ խօսելով, անբարեացակամ դրացիներ ունինք:
Իսկ մենք` հիներ եւ նորեր, աջեր եւ ձախեր, ճիգ չենք խնայեր զիրար ամբաստանելու, ղեկավարութիւններ հեղինակազրկելու, կարծէք «սեւացրէ՛ք»-ը քաղաքական բարոյական ըլլար: Ինչպէ՞ս կ՛ուզէք, որ շարքային հայը, ներսը եւ դուրսը, հեղինակազրկուած եւ հեղինակազրկուող ղեկավարին հաւատք ընծայէ, երբ ժողովուրդի մէկ կէսը միւս կէսին դէմ է` մոռնալով դրան առջեւ կանգնած սպառնալիքները:
Մրցակցող փառատենչիկները գլխագրուած Պետութեան թշնամիներն են, անոնք քաջութիւն եւ վեհանձնութիւն չունին ըսելու` միասին գործենք ազգը եւ երկիրը փակուղիէն դուրս բերելու համար, արժանին մատուցենք իրաւ արժանաւորին ընդդէմ ամբոխային տրամաբանութեան: Ուրիշ ժողովուրդներ ալ անցած են նման աւեր գործող պառակտումներու բովէն, բայց յայտնուած են նաեւ իրենց կոչման բարձր գիտակցութեամբ անձեր, որոնք դրոշմած են իրենց ժամանակը եւ պատմութիւնը:
Իր մեծ մտաւորական, գրող եւ մշակոյթի նախարարին` Անտրէ Մալրոյի հետ զրոյցի մը ընթացքին զօրավար Շարլ տը Կոլ այնքա՜ն ճիշդ բանաձեւած է պառակտումներու անձնատուր դիրքապաշտներու պատկերը` մէջբերուած նոյն նախարարի 1971-ին լոյս տեսած գիրքին մէջ: Շարլ տը Կոլ ըսած է. «Երբ առաջին անգամ հաւաքուած տեսայ քաղաքական մարդիկը, անմիջապէս զգացի, առանց սխալելու, բոլորին թշնամանքը: Անոնք ոչ մէկ ձեւով հաւատացին իմ մենատիրութեանս (dictature), բայց հասկցան, որ ես կը ներկայացնէի Պետութիւնը: Այդ նոյն բանն էր, Պետութիւնը սատանան է, քանի որ եթէ ան կայ, իրենք չկան: Անոնք ամէն բանէ առաջ կը կորսնցնեն այն, որուն նախ կը կառչին, որ դրամը չէ, այլ կենսագործումը իրենց սնափառութեան: Ամէնքն ալ կը խորշին անկէ»*:
Ներկայի դրական ոչինչ խոստացող հակասութիւններէն դուրս գալու համար ըսե՞նք միամտաբար, որ կը փնտռուի հեղինակութիւն մը, անհատներէն, սնափառութիւններէն, որ շահախնդրութիւններէն վեր բարձրանալով` հաստատէ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ անվիճելի գերագահութիւնը: Այսօրուան կացութիւնը այնպէս է, տիրող ամբոխահաճութեան մթնոլորտին մէջ, որ Պետութիւնը դարձած է աթոռատենչութեան առարկայ եւ այդ ճամբուն վրայ` հաշուեյարդարներու բեմ: Կիրքի մթնոլորտի հետեւանքը այն կրնայ ըլլալ, որ այսօրուան դատողները վաղը կրնան յայտնուիլ դատուողի վիճակին մէջ: Եւ Պետութիւնը կը տատանի…
Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), մեր ժողովուրդը ունի իմաստուն, բանիմաց եւ բարձրամակարդակ անձնաւորութիւններ, որոնց բարոյականութիւնը իրենց թոյլ չի տար ամբոխահաճութեամբ եւ սնափառութիւն հետապնդելով` քաղաքականութիւն խաղալ:
Հոն, ուր կը գտնուինք այսօր, վերականգնումի լուծման բանալին ժողովուրդի ընդոծին բնական ողջախոհութիւնն է:
Եւ` մեր պատմութեան ձայնին ունկնդիր, վարձու գաղափարներով չփքուող եւ հայ մշակոյթի տարերքով սնած հարազատ մտաւորականութիւնը:
Մէկ կէսը միւս կէսին դէմ վիճակը կ՛առաջնորդէ հոն, ուր ա՛լ կէսեր չեն ըլլար:
Անկախութեան երեսուն տարիները փաստօրէն սիրոյ եւ համերաշխութեան չառաջնորդեցին: Փոխանակ վերականգնումով զբաղելու, այլ ձեւով բիրտ բնորոշում չտալու համար, ըսենք` խարխափեցինք: Իմաստուն պատմաբանը կ՛ըսէ, որ քննական պատմութիւն կարելի չէ դեռ գրել 1991-էն ետք ժամանակահատուածին համար: Կիրքեր կան: Դերակատարները դեռ ողջ են, պատմական դէմք չեն` առանց կողմնակալութեան եւ դիրքորոշումի դատուելու եւ գնահատուելու համար:
Ընդունելով հանդերձ, որ սխալելու իրաւունքը բնական է, պէտք է խօսիլ նաեւ այն մասին, թէ ի՛նչ կրնայինք ընել եւ չըրինք: Թերեւս պակսեցաւ ողջախոհութիւնը, եւ կը պակսի անկլօ-սաքսոն իմաստութիւնը, ճիշդ մարդը ճիշդ տեղը դնելու, the rigհt man in the right place, մեր կեանքի բոլոր մակարդակներուն, միշտ` ներսը եւ դուրսը:
Արագ փոխուող աշխարհին մէջ չենք կրնար բերանաբաց սպասել, որ ժամանակը լուծէ հարցեր: Պենժամին Ֆրանքլին ըսած է, որ` «Դուք կրնաք յետաձգել, բայց ժամանակը այդ չ՛ըներ»:
Ինչո՞ւ պինդ պիտի նստինք մեր տարբերութիւններուն վրայ` փոխանակ փնտռելու մեր նոյնութիւնները, որպէսզի չյանգինք «յուսահատական ընկերութեան մը»:
21 փետրուար 2020, Քուինզ, Նիւ Եոrք
* Quand j՛ai vu les politiciens rassemblés pour la première fois, j՛ai senti aussitôt, sans erreur possible, leur hostilité à tous. Ils n՛ont aucunement cru à ma dictature; mais ils ont compris que je représentais l՛Etat. C՛était la même chose; l՛Etat est le diable, parce que s՛il existe, eux ils n՛existent plus. Ils perdent ce à quoi ils tiennent avant tout, et qui n՛est point l՛argent, mais l՛exercice de leur vanité. Ils l՛ont tous en abomination.
Les Chênes qu՛on abat…, p. 146, André Malraux, Gallimard, 1971.