ԵՐԵՒԱՆ.- Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան խուսափեցաւ Հայաստանի վարչապետին եւ Ատրպէյճանի նախագահին յառաջիկայ հանդիպման վայրին եւ ձեւաչափին մասին տեղեկութիւն տալէ:
«Ինչ վերաբերում է ժամկէտներին եւ հանդիպմանը՝ կայ ձեւաւորուած մշակոյթ, որ համաձայնեցնում ենք ամէն ինչ եւ միաժամանակ յայտարարում ենք, եւ այդ պահը դեռեւս չի եկել: Այստեղ միմեանց յարգելու խնդիրն է կողմերի միջեւ, որ մենք միաժամանակ յայտարարում ենք հանդիպման մասին, ժամկէտների մասին», այս մասին Ուրբաթ, 15 Մարտին, լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց արտաքին գործոց նախարարը:
Հարցումին, թէ արդեօք բանակցութիւններու սեղանին այս պահուն Մատրիտեան սկզբունքները կա՞ն, թէ ոչ՝ նախարարը ըսաւ. «Ինչ վերաբերում է սկզբունքներին, մենք գնում ենք օրակարգով, որը յստակ արտայայտուած է, յստակ արտայայտուած է վարչապետի՝ Ստեփանակերտում հնչեցուած ելոյթով, այդ մօտեցումներով մենք շարունակում ենք երկխօսութիւնը… յիշում էք վարչապետի ելոյթի այն մասը, թէ ինչպէս են այդ սկզբունքներն ընկալւում ու մեկնաբանւում, մենք յստակ արտայայտել ենք, թէ ի՛նչ գերակայութիւն ունի Հայաստանի համար կարգավիճակի եւ անվտանգութեան խնդիրները, որոնք իրենց արտայայտութիւնն ունեն այդ երեք սկզբունքների եւ վեց տարրերի՝ ձեր կողմից նշուած փաստաթղթում»:
Նախարարը շեշտեց նաեւ Արցախը բանակցութիւններուն մէջ ներգրաւելու կարեւորութիւնը, զայն բնորոշելով ոչ թէ իբրեւ նախապայման, այլ բանակցութիւններու համար արդիւնաւէտ պայման:
Ատրպէյճանի նախագահը յայտարարած էր, թէ անընդունելի է իրենց համար ձեւաչափի փոփոխութիւնը եւ, մասնաւորապէս, Արցախը բանակցութիւններուն մէջ ներգրաւելու առաջարկը, որ ըստ ատրպէյճանական կողմին, բանակցութունները կը տանի փակուղի: Նախարար Մնացականեան այս հարցին պատասխանեց՝ ըսելով. «Մենք չենք անելու որեւէ բան, որը փակուղի է տանում, որովհետեւ մենք մնում ենք հաւատարիմ գործընթացի խաղաղ կարգաւորմանը. սկզբունքային հարցն այն է, որ ԼՂն ունենայ որոշիչ ձայն բանակցութիւններում»: