ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Եւրոպայի խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) 20 հոգինոց պատուիրակութիւնը՝ յոյն խորհրդարանական Կիորկիոս Քաթրուքալոսի գլխաւորութեամբ, պիտի այցելէ Հայաստան՝ դիտորդական առաքելութիւն իրականացնելու արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընթացքին:
Ըստ ԵԽԽՎի հաղորդակցութեան բաժինին՝ պատուիրակութիւնը պիտի աշխատի ԵԱՀԿի Խորհրդարանական վեհաժողովի եւ ԵԱՀԿի Ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու գրասենեակի (ԺՀՄԻԳ) դիտորդներուն հետ:
Մինչեւ 20 Յունիսի քուէարկութեան ընթացքին հետեւիլը, պատուիրակութիւնը հանդիպումներ պիտի ունենայ քաղաքական կուսակցութիւններու եւ դաշինքներու ներկայացուցիչներու, Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի նախագահին, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական հասարակութեան ու լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու հետ:
Կը հաղորդվուի նաեւ, որ Վենետիկի յանձնաժողովի անդամներէն մէկը իրաւական աջակցութիւն պիտի ցուցաբերէ այցելութեան ընթացքին:
Ընտրութիւններուն յաջորդ օրը՝ 21 Յունիսին, Երեւանի մէջ նախատեսուած է դիտորդական առաքելութիւններու մամլոյ ասուլիսը: