Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) նորընտիր նախագահ Միքելէ Նիքոլեթի յայտարարած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցին վերաբերեալ իր դիրքորոշումը կը համընկնի ԵԽԽՎ-ի դիրքորոշման հետ: Այդ մասին ան յայտնած է ազրպէյճանական «Ռիփորթ» լրատու գործակալութեան:
«Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին վերաբերեալ դիրքորոշումս կը համընկնի Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի դիրքորոշման հետ: ԵԽԽՎ-ն յարգանքով կը վերաբերի Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման ուղղութեամբ աշխատանք տանող միջազգային կազմակերպութեան, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի դերին», յայտարարած է Նիքոլեթի:
Ան նշած է, որ ԵԽԽՎ-ն պատրաստ է աջակցելու որեւէ գործունէութեան, որ ուղղուած է ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման:
«Ես Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի շուտափոյթ խաղաղ լուծման յոյս ունիմ», ըսած է ան:
Նշենք, որ ԵԽԽՎ-ն 22 յունուարին Սթրազպուրկի ձմեռնային նստաշրջանին ժամանակ կառոյցի նոր նախագահ ընտրած էր Իտալիոյ պատուիրակութեան անդամ Միկելէ Նիքոլեթին: Ան վեհաժողովին պիտի նախագահէ մէկ տարուան ժամկէտով` վերընտրուելու կարելիութեամբ: