ՄԱԹԻԿ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ
Քրիստոնեայ աշխարհի կրօնաւորներու հաւաքի մը պատկերին մէջ հայ եկեղեցականի վեհաշուք ներկայութիւնը կը բնորոշուի վեղարով, որ նորաօծ աբեղայէն մինչեւ հայոց կաթողիկոսի ինքնութեան խորհրդանիշն է: Լրատուական պաստառին դիմաց հոգիդ կը հրճուի, երբ երկրագունդի որեւէ անկիւնէ սփռուած լուրի պատկերին մէջ կը յայտնուի հայկական եկեղեցւոյ գմբէթ մը:
Այսպիսի երեւոյթներու մեր եկեղեցական մշակոյթի պահպանման շրջագիծէն ներս անառարկելի եւ անբիծ մնալը այս օրերուն բոլոր ժամանակներէն աւելի հրամայական է, երբ կը տեսնենք Արցախի յանձնուած տարածքներու մէջ մեր հնադարեան եկեղեցիներու պատկանելիութեան նենգափոխման ճիգերը:
Հոգեւորականի մը կողմէ Դիմատետրի վրայ յայտնուած ծանուցում մը` «Սիրելի՛ ընկերներ, յառաջիկայ օրերին Մոսկուայից Երեւան եկողներին խնդրում եմ արձագանգել: Թեղենիքի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցու նոր մոմակալները Հայաստան բերելու խնդիր ունեմ», ու անոր կցուած մոմակալի պատկերը չէր կրնար ուշադրութենէս վրիպիլ:
Յիշեալ եկեղեցւոյ կայքին մէջ յայտնուեցան նաեւ նոյն որակով եկեղեցական այլ իրեր, որոնք նուէր ստացուած էին:
Հայ հաւատացեալի մը աչքը խարանող այս օտարամուտ մշակոյթը, հայրենի հողին վրայ, անտարբերութենէ անդին կ՛երթայ:
Կցուած պատկերներուն մէջ յստակ է, որ ոչ միայն օտարամուտ են, այլ` վատորակ եւ անարուեստ արտադրութիւններ, որ կարգ մը քրիստոնեայ երկիրներու մէջ ճարտարարուեստի եւ առեւտուրի վերածուած են:
Տասնեօթ դարերու ընթացքին մեր եկեղեցւոյ մէջ գործածուած իրերը` տեսակաւոր խաչեր, բուրվառներ, մոմակալներ, սկիհներ, միւռոնի աղաւնիներ, ջրօրհնէքի կաթսաներ, կանթեղներ, խնկամաններ, քշոցներ, ծնծղաներ, սրբանկարները` այնքան ինքնատիպ, մետաղեայ քանդակներով կազմուած մատեանները՝ յաճախ վարպետօրէն կրկնօրինակուած, հայկականութեան դրոշմը կը հաստատեն համայն հայութեան հպարտութիւն առթող մեր քարեղէն կառոյցներէն ներս:
Ցեղասպանութեան ենթարկուած արեւմտահայերը տեղահանութեան թոհուբոհի ընթացքին առաջնահերթ նկատեցին փրկել մեր եկեղեցական գանձերը: Եղերաբախտ Սահակ կաթողիկոս Խապայեան Սիսի կաթողիկոսանիստ վանքէն Հալէպ փոխադրեց Կիլիկեան աթոռի շարժական հարստութիւնը:
Նոր մորմոք մը ապրեցանք Արցախի Ս. Դադիվանքի զանգակներու փոխադրութեան պատկերներու սփռումի պահուն:
Որոշ հետաքրքրութեան մը որպէս արդիւնք` ի յայտ եկաւ, որ վերոնշեալ աղէտալի անտարբերութիւնը համատարած է Հայաստանի մէջ:
Բարեբախտաբար վերանկախութենէն ետք բազմաթիւ եկեղեցական կառոյցներ կանգնեցան, մեծ մասամբ` բարերարներու շնորհիւ, յարգելով եւ պահպանելով հայկական եկեղեցական ճարտարապետութեան ինքնատիպ ոճը:
Նոյնքան կարեւոր է, որ հայրենի մշակոյթի նախարարութիւնը «ի չգոյէ» եւ Մայր Աթոռը իրենց դերը ունենան մեր եկեղեցական մշակութային ժառանգութեան պահպանման մէջ` արհեստանոցներու հաստատմամբ, այսպիսով աշխատանքի առիթներ ստեղծելով, որպէսզի թանգարաններու եւ ալպոմներու մէջ չմնայ մեր դարաւոր արուեստը, ու մեր եկեղեցիները չդառնան այլ մշակոյթներու ցուցասրահներ:
Ժընեւ