Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Եկէ՛ք Նոր Գիտակցութեամբ Շրջապատենք Հայ Դպրոցը

November 2, 2020
in Mobile Home, Newsletter, Հայերէն Լուրեր
0
Եկէ՛ք Նոր Գիտակցութեամբ Շրջապատենք Հայ Դպրոցը

ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ

Հակառակ մեր դիմագրաւած տեսակաւոր հարցերուն, տարուան այս եղանակին, բոլորիս հայեացքը դարձեալ պէտք է ուղղուի դէպի հայ վարժարան, որ այսօրուան կեանքի պայմաններուն մէջ ալ, պարտաւոր է իր աշխատանքին համար գտնել միջոցներ եւ շարունակել մեր ազգի մատղաշ սերունդի դաստիարակութեան սրբազան իր առաքելութիւնը:

Անկասկած, կ՛ակնկալէինք, որ տարուան այս եղանակին, լիբանանահայ մեր վարժարաններուն մէջ տիրէր խանդավառ եռուզեռ: Սակայն, ինչպէս գիտենք, կրթական այս տարեշրջանը կը տարբերի նախորդ տարիներէն: Առայժմ, համաճարակի պայմաններուն բերումով, մեր դպրոցներուն մէջ չկայ մասնաւոր եռուզեռ, եւ կրթական աշխատանքներն ալ  առաւելաբար կը տարուին առցանց պայմաններով: Ներկայ կացութիւնը կը թելադրէ, որ զգուշ ըլլան մեր ծնողներն ու աշակերտները, զգուշանան մեր կրթական պատասխանատուներն ու դաստիարակները, նաեւ զգուշ ըլլանք մենք բոլորս եւ հաւատալով սպասենք, որ պայմանները շուտով բարելաւուին եւ մեր դպրոցներն ալ կրկին վերադառնան իրենց նախկին խանդավառ եռուզեռին:

Մինչ այդ, պէտք է գիտակցինք, որ հայ դպրոցներուն մէջ մենք չենք կորսնցուցած աշխատանքի եռանդը: Ընդհակառակն: Հակառակ հայ դպրոցին դիմագրաւած տեսակաւոր դժուարութիւններուն ու խնդիրներուն, կանխատեսելով այսօրուան կեանքի հարցերն ու խնդիրները, ամառնային ամբողջ շրջանին մեր վարժարաններուն պատասխանատուները ոգի ի բռին պատրաստուելով, մեր դպրոցական կեանքի յարատեւութեան համար որոնեցին նոր միջոցներ եւ որդեգրեցին ու զարգացուցին նաեւ տարբեր կերպեր, որպէսզի մեր մատղաշ սերունդի դաստիարակութեան սրբազան գործը շարունակուի անխափան կերպով:

Հետեւաբար, առանց անտեսելու մեր դիմագրաւած խնդիրները, միահամուռ մաղթենք, որ 2020-2021 կրթական  տարին, լիբանանահայ մեր դպրոցներուն համար ըլլայ արդիւնաշատ աշխատանքի շրջան, եւ մաղթենք նաեւ, որ ազնուասիրտ բարերարներ ու բարեկամներ շարունակեն իրենց սիրովն ու նուիրումովը շրջապատել հայ դպրոցը` զայն միշտ կանգուն ու արդիւնաւոր ընթացքի մէջ պահելու վճռակամութեամբ:

Վստահաբար, մեր ժողովուրդը տեղեակ է, որ արդիւնաշատ աշխատանքի սպասումով, 2020-2021 տարեշրջանին համար, անվճար ուսման կարելիութիւն յայտարարեցինք մեր ազգային վարժարաններուն մէջ: Այո՛, քայքայուած տնտեսութեան մը պայմաններուն մէջ, Ազգային վարչութեան հետ համախորհուրդ, վճռեցինք, ի գին ամէն տեսակի զոհողութիւններու, հայ դպրոցին մէջ պահել հայ աշակերտը եւ պաշտպանել սերունդներու հաւատքով կերտուած հայեցի կրթութեան սրբազան աւանդը: Համարեա միեւնոյն բարենպաստ տնօրինումները կատարուեցան նաեւ լիբանանահայ բոլոր վարժարաններուն մէջ:

Ուստի, կրթական վերամուտին առիթով, ազգային մեր վարժարաններուն ու լիբանանահայ մեր դպրոցներուն մէջ, սրտանց կ՛ողջունենք հայ աշակերտը, հայ դաստիարակն ու հայ ծնողը եւ կը մաղթենք, որ շրջանցելու համար մեզ շրջապատող դժուարութիւնները, ներդաշնակ ճիգով, փոխադարձ հասկացողութեամբ, հաւատքով ու յուսալից տրամադրութեամբ տանինք մեզի վստահուած սրբազան գործը, լաւապէս ըմբռնելով, որ առանց հայ դպրոցի արդիւնքին, մենք չենք կրնար յարատեւել հայու շունչով եւ հայկական նկարագիրով:

Սփիւռքեան մեր կացութեան մէջ, պէտք է յիշենք, որ շարունակաբար մղուող գոյապայքար է մեր կեանքը, եւ այդ գոյապայքարին մէջ կը մնանք յաղթական, եթէ շարունակենք միացեալ ճիգով, հաւաքական մասնակցութեամբ ու հաւատքով, հայ դպրոցը պահել յառաջապահ դիրքի վրայ եւ հայ աշակերտն ալ պահել հայ դպրոցին մէջ:

Եկէ՛ք նոր գիտակցութեամբ ու նոր սիրով շրջապատենք հայ դպրոցը եւ հաւաքական ուժերու լարումով նեցուկ կանգնինք անոր առաքելութեան, որպէսզի ան մնայ պատնէշի վրայ, ըլլայ աւելի արդիւնաւոր եւ իրեն վստահուած հայ մարդու պատրաստութեան դժուարին առաքելութիւնը տանի աւելի մեծ վստահութեամբ:

Previous Post

Pakistani Prime Minister Imran Khan “India Is a Fascist State, Inspired by the Nazis”

Next Post

ELECTION 2020: Media Silence on Assange Aids Trump

Please login to join discussion
  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password? Sign Up

Create New Account!

Fill the forms below to register

All fields are required. Log In

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In