Հայոց ցեղասպանութեան թեման աշխարհի մէջ իր արձագանգը գտաւ նաեւ հազարաւոր հատորներու, գրական ստեղծագործութիւններու մէջ: Անոնցմէ շատերուն հեղինակները զոհ գացած են այդ ջարդերուն:
Գրականագէտ Արքմենիկ Նիկողոսեան կ՛ընէ, որ թէ՛ Սփիւռքի, թէ՛ Հայաստանի մէջ առաւելագոյնը 10 գրողի անուն կը նշուի: «Եղեռնազոհ գրողներ» անուանումով նոր հրատարակուած գիրքին մէջ ընդգրկուած են Ցեղասպանութեան ընթացքին զոհուած 31 գրողներու ստեղծագործութիւնները, եւ անոնց մեծ մասը ընթերցողը առաջին անգամ կը ծանօթանայ: Այս մասին կը հաղորդէ Yerkirmedia.am-ը:
Արքմենիկ Նիկողոսեանը ըսած է, որ այդ գործերը գրական արժէքի տեսանկիւնէ կը զիջին, ըսենք, Զոհրապի, Վարուժանի կամ Ռուբէն Սեւակի ստեղծագործութիւններուն, բայց այնուամենայնիւ, անոնց հեղինակները արեւմտահայոց կեանքին մէջ կարեւոր ներդրում ունեցած մարդիկ են:
Գիրքը կազմելու համար Արքմենիկ Նիկողոսեանի ու բանաստեղծ Աշոտ Գաբրիէլեանի համար հիմնական աղբիւրը արեւմտահայ մամուլը եղած է: Ընդգրկուած են նաեւ հեղինակներու կենսագրութիւնները, մատենագիտական ցանկը: Կը նախատեսուի իւրաքանչիւր հեղինակի գործերու հրատարակումը նաեւ առանձին գիրքերով: «Արեւմտահայ գրական կեանքին էդ մարդիկ իւրովի իրենց նպաստն են բերել, մի շիւղ դրել են էդ կեանքի զարգացմանը: Միւս կողմից էլ հետաքրքիր է, որ կան անուններ, որոնք դուրս են մնացել արժէքայնութեան առումով շրջանառութիւնից, նոյն Գեղամ Բարսեղեանը, Լեւոն Լարենցը, որոնք տաղանդաւորագոյն անուններ են, նոյն Արմէն Դուրեանը, ֆանտաստիկ անուններ են»,- կ՛ըսէ գրականագէտ Արքմենիկ Նիկողոսեանը: