Նուարդ Մատոյեան- Տարագճեան
Եղիցի Լոյս…
Պատերազմի կործանիչ տարերքն է ,
Դեռ հոն հռնդիւններ կը լսուին,
Որոգայթներ կը սարքեն մարդիկ,
եւ ողբեր կան ցաւագին։
Հայոց ազգի առիւծասիրտ դիւցազուններն են,
որ կռուին յանուն հայրենեաց,
յանուն հայ ժողովուրդի լինելութեան,
եւ յանուն հայութեան պայծառ գալիքին։
Հայու դարաւոր հոգին շատ յաճախ
տեսեր է սուգ ու շիւան, ահ ու աւեր,
եւ տեսեր է յաղթանակներ փառապանծ։
Պիտի յաղթէ’ք հայոց անվեհեր հերոսներ,
որպէսզի խելքն ու բարութիւնը
տեղ գտնեն մարդոց քարացած սիրտերուն մէջ։
Որպէսզի ոչխարի կակուղ
ուղեղները տրամաբանել կարողանան,
որպէսզի ասուն մարդը չդառնայ անասուն։
Պիտի յաղթէ’ք, ու պիտի տեսնէք ձեր բարձունքէն,
հազար ու բիւր ինկած բարբարոսներ ինկած
Ձեր ոտքերուն տակ։
Պիտի յաղթէ’ք, արիասիրտ հոգիներ,
Ձեր հերոսական սխրանքով ու աննկուն կամքով,
Վերջապէս պիտի նուաճէք
Անկախութիւնը հայոց Արցախին։
Նոր արշալոյս մը կը ծագի վարդահեղեղ տեսիլքով,
Շուշիի խնկոտ տաճարներու գմբեթէն
աւետելու յաղթանակի ղօղանջներ`
Եւ եղեւ լոյս …
Թող լո~յս ըլլայ եւ խաղաղութիւն …