Յարութիւն Իսկահատեան
Օսմանեան Պետութեան մէջ իւրաքանչիւր քաղաքի եւ գիւղի 1915-ի ձերբակալութեանց, բանտարկութեանց, կոտորածներու եւ բռնագաղթերու նոյնանման եղանակներէն ի յայտ կու գայ, թէ բոլոր հրամանները կու գային օսմանեան կեդրոնական կառավարութենէն՝ Կ. Պոլիսէն: Ջարդերուն ծրագրաւորումը եւ միատեսակ ու կանոնաւոր գործադրութիւնը Հայաստանը, Քիւրտիստանը, Փոքր Ասիան, Արեւմտեան Անատոլուն, Հիւսիսային Սուրիան եւ Միջագետքը ընդգրկող 880.000 քառակուսի քիլոմեթր տարածութեան վրայ, չէին կրնար դիպուածներու արդիւնք ըլլալ:
Գերմանական մամուլը կը գործէր ստոյգ իրականութենէն բխող հաւաստի լուրերու բացակայութեան պայմաններուն մէջ՝ երեւակայածին վարկածներու ապաւինելով: Ան զբաղած էր իրականութեան խեղաթիւրմամբ: Ան հայերը հալածելու եւ ջարդելու հոլովոյթը կը բաղդատէր Միջին դարերուն հրեաներու դէմ կատարուած հալածանքներուն հետ: «Տոյչէ թակէս ցայթունկ»ի (կը թարգմանուի՝ «Գերմանական օրաթերթ») մէջ կը կարդանք. «Բացայայտ է, մասնաւորաբար, որ հայերը … շատ քիչ արժանի են կարեկցութեան եւ համակրութեան»: Նպատակաուղղուած եւ քաղաքական որոշակի նպատակներ հետապնդող քարոզչութիւն կը տարուէր հայոց դէմ: Գերմանական մամուլը կը շեշտէր հետեւեալ ամբաստանութիւնը՝ հայերը «իրենց շահերուն համար ապօրէն արարքներու կը դիմեն»: Այդ մամուլը ամբողջովին անգիտանալու կու տար թուրքերու եւ քիւրտերու գործած ոճիրները, կողոպուտն ու սպանութիւնները:
Բազմաթիւ պաշտօնական անձնաւորութիւններ, որոնց մէջ Հալէպի կուսակալ Ճելալ պէյ, Մալաթիոյ գաւառապետ Նապի եւ Ռեշիտ պէյերը, դէմ դրած են հայոց հանդէպ կիրարկուելիք վայրագութեանց եւ անոնց գործադրութիւնը ուշացուցած են: Կարգ մը վայրերու թուրք բնակչութիւնը հակառակած է հայոց տարագրութեան եւ բնաջնջման: Օրինակ՝ Կարինի թուրքերը այս իմաստով աղերսագիր մը ներկայացուցած են տեղական օսմանեան իշխանութեան: Ալաշկերտի թուրքերը Կ. Պոլիս հեռագրելով փորձած են դադրեցնել հայոց դէմ գործուող բարբարոսութիւնները: Վանի թուրքերը հայոց հաղորդած են, թէ իրենց հայ համաքաղաքացիներուն դէմ կը կռուին քանի որ կառավարութիւնը իրենց այդպէս պարտադրած է: Նիկոմիդիոյ թուրքերը բազմաթիւ փորձեր կատարած են արգիլելու համար հայոց տարագրութիւնը, իսկ Ատաբազարի թրքութիւնը շոգեկառքի կայարանին առջեւ ցոյց կատարած է բողոքելով հայոց ձերբակալութիւններուն եւ բռնագաղթին դէմ: Նոյնն էր պարագան Մուտանիոյ, ուր թուրքերը դիմած են իշխանութեան՝ որպէսզի հայերը չտարագրեն:
Հայոց արտերն ու ստացուածքները օսմանեան կառավարութիւնը գրաւեց անոնց մեկնումէն անմիջապէս ետք: Թուրք պաշտօնատարներ հայոց բոլոր ունեցածները հրապարակային աճուրդներու միջոցաւ չնչին գիներով վաճառեցին իսլամներուն: Այս մասին Եոհաննէս Լեփսիուս կը գրէ. «Եղածը պետութեան մէկուկէս միլիոն քաղաքացիներու իրաւազրկումն է իրենց ստացուածքներէն, քաղաքացիներ, որոնք ամենէն աւելի սատարած էին երկրին տնտեսական զարգացումին՝ աշխատանքին մէջ իրենց ունեցած յամառ կորովով»:
Ըստ Լեփսիւսի՝ սխալ էր Եւրոպայի մէջ տարածուած այն կարծիքը, թէ Օսմանեան Պետութեան մէջ ազգային ու կրօնական տարբեր ինքնութիւններու տէր մարդիկ չեն կրնար գոյակցիլ: Նոյնն էր պարագան Պոսնիա-Հերձեկովինայի բնակչութեան, ուր իսլամներն ու քրիստոնեաները իրարու հետ հաշտ կ’ապրէին (Լեփսիւսի կարծիքը չի համապատասխաներ իրականութեան – Յ. Ի.): Արաբներն ու ասորիները, հայերն ու քիւրտերը, թուրքերը, յոյները եւ այլ ժողովուրդներ համատեղ կ’ապրէին խաղաղութեան մէջ: Օսմանեան կառավարութիւնն էր որ այս հաւաքականութիւնները իրարու դէմ գրգռեց եւ պառակտում յառաջացուց անոնց մէջ:
Ըստ Լեփսիւսի՝ ներկայիս կառավարութեան ձեռք առած միջոցներով երկիրը կը պարպուի հայերէ, ասորիներէ եւ յոյներէ: Օսմանեան կառավարութիւնը գաւառներու մէջ ստեղծեց «Միութիւն եւ Յառաջդիմութիւն» կոմիտէներ, որոնք թէեւ պաշտօնական հանգամանք չունէին, բայց Կ. Պոլսէն եկող կառավարական հրահանգները կը գործադրէին: Այս Կոմիտէն իր ճիւղաւորումներով կը նմանէր Ապտիւլ Համիտ Բ.ի լրտեսական ցանցերուն, որոնք տարածուած էին մասնաւորապէս գաւառներուն մէջ: Այս Կոմիտէին անդամները նպատակ ունէին հայերը հալածել, լրտեսել, հետապնդել, ձերբակալել ու բանտարկել տալ: Անոնք նաեւ իրենք իրենց իրաւունք վերապահած էին հայերը հարցաքննել, խոշտանգել, չարչարել ու սպաննել: Կոմիտէին անդամները խստօրէն կը հսկէին որպէսզի «գործերը կատարուին ըստ ծրագրուածին եւ ոչ մէկ պարագայի արգելքներու հանդիպին բարեացակամութեան կամ մարդասիրութեան զգացումներու արտայայտութեան պատճառաւ»: «Երիտասարդ Թուրք»երու ակումբներն ունէին զինեալ հրոսակախումբեր, որոնց մէջ կը ծառայէին բոլոր օգտագործելի տարրերը՝ քրտական ցեղախումբերը եւ բանտերէ ազատ արձակուած ոճրագործներն ու աւազակները:
Կ. Պոլսոյ կեդրոնական կառավարութիւնը հայերը կոտորել կու տար իր իսկ ստեղծած ոչ-պաշտօնական կազմակերպութիւններու միջոցով, որոնք կառավարութեան հրահանգներով կը շարժէին:
Ուրեմն, Լեփսիւսի համոզումով, Օսմանեան Պետութիւնը ամէն ինչ նախապէս մտածած ու ծրագրած էր: Բոլոր ապօրինութիւնները գրեթէ նոյն ժամանակին մէջ տեղի ունեցան, այն ալ՝ կանոնաւորաբար: Սակայն պարագան այդպէս չէր հայկական դիմադրութեան սակաւաթիւ պարագաներուն, ինչպէս Վանի, Շապին Գարահիսարի, Զէյթունի եւ այլ վայրերու մէջ: Հայ ժողովուրդի յանկարծակի եւ արդար պոռթկումին դրսեւորումն էին անոնք: Իրարմէ աշխարհագրականօրէն հեռու դիրքերու վրայ կը գտնուէին եւ տեղի ունեցան տարբեր ժամանակներու մէջ: Կանխամտածուած հայկական դիմադրական շարժում տեղի չունեցաւ երբեք: Այս մասին Լեփսիուս կը գրէ. «Թրքական կառավարութիւնն ալ երբեք չէ հաստատած թէ հայ ժողովուրդը, իբր այդ, յեղափոխական ըմբոստութեամբ մը ինքզինք մեղապարտ կացուցած ըլլայ: Ամբողջ ամիսներ մենք թրքական մամուլին մէջ կը կարդայինք, թէ հայերը հաւատարիմ մնացած էին իրենց օսմանեան հայրենիքին»:
Հայոց ղեկավարութիւնը, իր հերթին, պատերազմի առաջին օրերէն եւ նոյնիսկ անոնցմէ ալ առաջ, մամուլով եւ կոչերով, հայ ժողովուրդը կը հրաւիրէր պաշտպանել «օսմանեան հայրենիքն» ու խաղաղութիւնը: Լեփսիւս կը մէջբերէ Հ. Յ. Դ.ի Պոլսոյ պաշտօնաթերթ, «Ազատամարտ» օրաթերթին մէջ տպուած հետեւեալ տողերը. «Մենք դէմ ենք օտարին կողմէ հայ ժողովուրդին բնակած նահանգներուն գրաւման: Հայ ժողովուրդը ո՛չ առեւտուրի ապրանք է, ո՛չ ալ շահադիտութեան առարկայ կրնայ ըլլալ օտար պետութեան մը համար»:
Նոյնինքն Օսմանեան Պետութեան կառավարական պատասխանատուներու վկայութեամբ՝ օսմանեան բանակ տարուած հայ երիտասարդները քաջութեամբ եւ հաստատակամութեամբ կը կռուէին: Կ. Պոլսոյ պատրիարք Զաւէն Տէր-Եղիայեանը բոլոր առաջնորդարաններուն շրջաբերական մը ղրկելով կը յորդորէր հաւատարիմ մնալ Օսմանեան Պետութեան: «Հայ ազգը պիտի կատարէ իր պարտքը եւ պիտի համակերպի բոլոր զոհողութիւններուն՝ աւելցնելու համար փառքը օսմանեան գահին, որուն սերտօրէն կապուած է»,– գրուած էր պատրիարքի յորդորակին մէջ: Բոլոր հայկական եկեղեցիներուն մէջ Օսմանեան Պետութեան յաղթանակին համար աղօթքներ կը բարձրանան առ Աստուած: Ներքին գաւառներու թեմակալ առաջնորդները Բարձր Դուռ հեռագիրներ կը ղրկեն՝ հաւաստիացնելով. «Հայրենիքի համար հայերս ո՛չ մէկ զոհողութեան առջեւ ընկրկած ենք ըսելով՝ այս անգամ եւս ամէն զոհողութեանց պատրաստ ենք»:
Թրքական եւ գերմանական լրատուամիջոցները այս յայտարարութիւնները գոհունակութեամբ կ’ընդունին: Գերմանիոյ եւ Աւստրիա-Հունգարիոյ մէջ ապրող հայերը նոյն կեցուածքը կ’որդեգրեն: Անոնք Թրքական Կարմիր Մահիկին համար օժանդակութեան յանձնախումբ մը կը կազմեն Վիեննայի մէջ, որու Օսմանեան Պետութեան դեսպան եւ Կարմիր Մահիկի մասնաճիւղի նախագահ Հիւսէյն Հիլմի փաշա հայոց մասին այսպէս կ’արտայայտուի. «Թրքական կառավարութիւնը երբեք չէ տարակուսած հայոց հաւատարմութենէն եւ անձնուիրութենէն»:
Օսմանեան բանակին մէջ կռուող հայ քաղաքացիները լաւ վարմունք ցուցաբերած են: Կ. Պոլսոյ զինուորական վարժարանին մէջ թուրքերէ աւելի հայեր պահեստի սպայ արձանագրուած են: Անոնք կը փափաքէին գործող բանակին միանալ, քան թղթատարական գրասենեակներու պաշտօնեայ դառնալ: Լեփսիուս կը գրէ. «Երբ պատերազմական նախարար Էնվեր փաշա Կովկասի ճակատէն Փետրուար ամսուան մէջ Կ. Պոլիս վերադարձաւ, հայոց պատրիարքին իր մասնաւոր գոհունակութիւնը յայտնեց վարմունքին եւ քաջութեան մասին հայ զօրագունդերու, որոնք իրենց պարտականութիւններուն մէջ կատարեալ եղած էին կռիւներու ընթացքին»:
Էնվեր փաշա գովեստով կ’արտայայտուի յատկապէս Օհաննէս չաւուշ անունով հայ զինուորի մը մասին, որ վտանգի տագնապալի պահուն իր սպայակոյտը փրկած էր: