Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան այսօր հիւրընկալած է Ռուսաստանի Դաշնութեան Դուբնայի միջուկային հետազօտութիւններու միացեալ հիմնարկի Ֆլեորովի անուան միջուկային հիւլէական բարդ աշխատանոցի գիտական ղեկավար, Ռուսաստանի Գիտութիւններու ակադեմիայի ակադեմիկոս, Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի արտասահմանեան անդամ Եուրի Օկանէսեանին:
Նախագահ Սարգսեան ըսած է, որ յուլիս 11-ին հրամանագիր ստորագրած է Եուրի Օկանէսեանին Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն շնորհելու մասին: Այդ առիթով շնորհաւորելով անուանի գիտնականը` Հանրապետութեան նախագահը շատ բարձր գնահատած է անոր աւանդը միջուկային բնագիտութեան զարգացման բնագաւառին մէջ, նշելով, որ Եուրի Օկանէսեանի գիտական վաստակով ու նուաճումներով կը հպարտանան ողջ երկիրն ու ժողովուրդը:
Նախագահ Սարգսեան եւ Եուրի Օկանէսեան քննարկած են ճառագայթման արտադրութեան եւ ախտորոշման կեդրոնի ծրագիրի իրագործման ընթացքը:
Հանրապետութեան Նախագահը ողջունած է անուանի գիտնականի պատրաստակամութիւնը` աջակցելու Հայաստանի մէջ գիտութեան զարգացման, ինչպէս նաեւ ներդրում ունենալու երիտասարդ գիտնականներու կրթութեան եւ յառաջընթացի գործին մէջ:
Հանդիպման մտքեր փոխանակուած են նաեւ Հայաստանի մէջ գիտութեան զարգացման հեռանկարներուն վերաբերեալ: