ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Եռաբլուր զինուորական պանթէոնին մէջ, 29 Յունիսին յարգանքի տուրք մատուցուեցաւ Անհետ կորսուածներու յիշատակի օրուան առիթով։ Ներկայ էին պաշտպանութեան փոխնախարար Արման Սարգսեան, նախարարութեան եւ բանակի բարձրաստիճան զինուորականներ, ազատամարտիկները միաւորող հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, անհետ կորսուածներու հարազատներ ու նահատակներու ընկերներ:
Զինուած ուժերու հոգեւոր առաջնորդ Մովսէս վարդապետ Սարգսեանի գլխաւորութեամբ Անհետ կորսուածներուն նուիրուած յուշարձանին մօտ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան կարգ:
Պաշտպանութեան նախարարութեան խորհրդական Վարդան Աւետիսեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ պաշտպանութեան նախարարութիւնը մնայուն կերպով կը սատարէ ընտանիքներուն այն զինուորներուն, որոնց ճակատագիրը կը մնայ անյայտ, սակայն յայտնի է անոնց անմնացորդ նուիրումը՝ հայրենիքի պաշտպանութեան մէջ։
Ներկաները յարգանքի տուրք մատուցեցին եւ ծաղիկներ զետեղեցին Անհետ կորսուած ազատամարտիկներու յիշատակին կանգնեցուած յուշակոթողին առջեւ: