ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը Կիրակի, 20 Դեկտեմբերին անջատաբար այցելեցին Եռաբլուր զինուորական պանթէոնը:
Հանրապետութեան նախագահը եւ նախագահի աշխատակազմը յարգանքի տուրք մատուցեցին արցախեան ազատամարտին իրենց կեանքը հայրենիքի պաշտպանութեան համար զոհաբերած հերոսներու յիշատակին եւ ծաղիկներ զետեղեցին անոնց գերեզմաններուն:
«Շատ դժուար օրեր են: Յոյս ունեմ, որ 2020 թուականի աւարտի հետ մենք փակելու ենք ողբերգական ու դժբախտ էջը եւ կարողանալու ենք ոտքի կանգնել, նոր էջ բացել: Միակ բանը, որ յիշելու ենք? 2020 թուականից, սուրբ յիշատակն է այն մարդկանց, ովքեր իրենց կեանքը տուեցին հայրենիքը պաշտպանելու համար:? Բոլոր դժբախտութիւնները պէտք է դասեր լինեն, այլ ոչ թէ ցաւոտ յիշողութիւններ: Պէտք է նորից սկսենք մեր կեանքը: Անհամբեր սպասում եմ այս տարուայ աւարտին», իր խօսքին մէջ ըսաւ նախագահ Սարգսեան:
Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը եւ շարք մը եկեղեցականներ եւս այցելեցին զինուորականներու շիրիմները եւ կատարեցին իրենց առանձնական աղօթքը:
Այնուհետեւ Սուրբ Գայեանէ վանքին մէջ վեհափառը ներկայ գտնուեցաւ Ս. պատարագին, որուն աւարտին, նախագահութեամբ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին, զոհուած հերոսներուն յիշատակին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն:
Մինչ այդ, Շաբաթ, 19 Դեկտեմբերին, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաւէրով տեղի ունեցաւ սգոյ երթ` Հանրապետութեան հրապարակէն դէպի Եռաբլուր զինուորական պանթէոն: Երթին, պետական ներկայացուցիչներու եւ ժողովուրդի կողքին մասնակցեցաւ նաեւ Հայաստանի վարչապետը:
Միւս կողմէ, Ազատամարտիկները եւ զոհուածներու հարազատները Եռաբլուրի մէջ պատ կազմեցին, որպէսզի Փաշինեան չկարենայ մուտք գործել սրբավայրը եւ «պղծել զայն»։ Սակայն, Եռաբլուրի մէջ մեծ թիւով ոստիկանական ուժեր բռնի ուժով հեռացուցին զանոնք՝ ապահովելով Փաշինեանի մուտքը Եռաբլուր: